ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Ազգային Արխիւին Հազուագիւտ Փաստաթուղթեր Նուիրած է (լուսանկարներ)

Հայաստան
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի ազգային արխիւին յանձնած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կարեւոր փաստաթուղթեր: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:

Անոր խօսքով՝ փաստաթուղթերը ամենաարժէքաւորներէն են, որ կը պահուին ազգային արխիւին մէջ: «Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարները մեզի հասած են գերմանացի մեծ մարդասէր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Արմին Վէկների շնորհիւ, եւ ահա՝ այս տարի՝ ՀՀ նախագահը արխիւին յանձնեց այդ լուսանկարներուն negative-ը, որ ան ձեռք բերած էր ժամանակին: Անոնք մշակուած են, դրուած յատուկ ծրարներու մէջ, որոնք չեն վնասեր negative-ը»,- ըսած է Վիրապեան:

Նշենք, որ Հայաստանի ազգային արխիւի մէջ կը պահուի 1.300.000 թերթ թուայնացուած փաստաթուղթ:

Լուսանկարները` Էդուարդ Սեպետչեանի