Աշխարհահռչակ Հայ Գործիչները Կը Նախաձեռնեն Ողջ Աշխարհի Հայերը Կապող Առցանց Հարթակ Ստեղծել

Աշխարհահռչակ հայ գործիչներ` «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» ձեռնարկութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեան, «Synopsys» ընկերութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Երուանդ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

8 Հոկտեմբեր 2019-ին Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին բարի գալուստ մաղթել վերջին օրերուն Հոլանտա եւ Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն […]

Մոնթրէալի Մէջ Մեկնարկեց ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 72-րդ ժողովը

Երկուշաբթի,  Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 72-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄ-ի կառոյցի 26 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր […]

Համազգայինի եւ ԵՊՀ֊ի Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Մուշեղ Իշխանին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովը

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ կայացաւ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: Գիտաժողովի բացման հանդիսութեան մասնակցեցան ԵՊՀի նախագահ Գ. Գէորգեան, […]

«Ես Պիտի Չյանձնուիմ». Քիմ Քարտաշեան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Կը Քննարկէ ԱՄՆ Նախագահի Վարչակազմին Հետ

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան Սպիտակ տան մէջ`  ԱՄՆ նախագահի վարչակազմին հետ կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Քարտաշեան նշած է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իր նպատակն է եւ երբեք պիտի չյանձնուի: […]

Քիմ Քարտաշեան Կը Պատրաստուի Հայկական Ծաղիկներով Օծանելիք Ստեղծել

«Հայաստանէն պիտի վերադառնամ նոր գաղափարներով. ունիմ 4 գաղափար ու ատոր համար շատ ուրախ եմ: Ես կը սիրեմ ճամբորդել ու շատ մտքեր կը ծագին ճամբորդելու ընթացքին»,- յայտարարեց Քիմ Քարտաշեան` Երեւանի մէջ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիական Հարցի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Ժընեւի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) պատասխանատու խմբակին հետ` ընդառաջելով անոր փափաքին: Խմբակի ղեկավար Կիր Փեթերսոն անակնկալ […]

Հայաստան Կը Բանակցի Youtube-ի Հետ

Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցութիւններու սկսած է Youtube-ի հետ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։ «Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան […]

«Աւրորա» Կազմակերպութիւնը Ծանօթացնող Ձեռնարկ` Հռոմի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Մէջ

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ 2 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծանօթացնող փոքր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի, «Աւրորա» […]