Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստան, Սփիւռք

8 Հոկտեմբեր 2019-ին Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին բարի գալուստ մաղթել վերջին օրերուն Հոլանտա եւ Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն վերադարձին առիթով, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին յանձնել Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ նամակ մը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութեան ներկայ փուլին: