Մասիս Մայիլեան Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտարարեց, որ 2020-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի իբրեւ թեկնածու:

Ան այս մասին գրեց դիմատետրի իր էջին վրայ` դիտել տալով, որ 13 օգոստոսին կրկին դիմատետրի վրայ կատարած իր գրառումը, որուն համաձայն, հաւանական նկատած է ընտրութեան մասնակցութիւնը, դրական արձագանգ գտած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

«Արցախի քաղաքացիներու, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու, Հայաստանի կառավարական եւ քաղաքական շրջանակներու, սփիւռքի ազգային գործիչներու հետ տեղի ունեցած քննարկումները ցոյց տուած են, որ առկայ են անհրաժեշտ նախադրեալներ` Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրելու մասին որոշում տալու համար:

Քանի որ արդէն իսկ առկայ նախադրեալները կ՛երաշխաւորեն 2020-ի ընտրութեան յաջող կազմակերպումը եւ վստահութիւն կը ներշնչեն Արցախի զարգացման զանազան ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ, ես որոշած եմ առաջադրել թեկնածութիւնս»: