Մոնթրէալի Մէջ Մեկնարկեց ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 72-րդ ժողովը

Սփիւռք

Երկուշաբթի,  Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 72-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄ-ի կառոյցի 26 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դիտորդներ:

Յաջորդող օրերուն ընթացքին, ժողովը պիտի քննարկէ օրակարգով ճշդուած կազմակերպական, վարչական, ներքին եւ հանրային յարաբերութեանց, ՀՕՄ-ի միաւորներու եւ քարոզչութեան մարզերու, ՀՕՄ-ի համահայկական բնոյթով ծրագիրներէն որբերու խնամակալութեան, ՄԱԿ-ի աշխատանիստերուն, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, Ջաւախքի հայութեան իրավիճակին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, մեկուսի մասնաճիւղերէն եւ պատգամաւոր ընկերուհիներէն ներկայացուած առաջարկները։