Երեւանի Մէջ Պուրակ՝ Տիանա Աբգարի Անունով

Հայաստան

Երեւանի մէջ պիտի բացուի պուրակ մը աշխարհի առաջին կին հիւպատոսին, Ճափոնի մօտ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիւպատոս, հայ ականաւոր հասարակական գործիչ եւ գրող Տիանա Աբգարի անունով: 8 Հոկտեմբերին համապատասխան որոշումը տրուեցաւ Երեւանի աւագանիի նիստին: Այս մասին կը հաղորդէ “Նիուզ”-ը։

Գլխաւոր պողոտան՝ Սարեան, Բիւզանդ, Կարէն Դէմիրճեան փողոցներու եւ Մաշտոցի պողոտայի միջանկեալ հատուածն է, որ պիտի կոչուի Տիանա Աբգարի անունով։