«Աւրորա» Կազմակերպութիւնը Ծանօթացնող Ձեռնարկ` Հռոմի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

2 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծանօթացնող փոքր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու եւ նախորդ տարիներու մրցանակակիրներու, հոգեւոր հայրերու, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներու եւ հայ ու օտար բազմութեան:

Երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Նարեկ ծ.վրդ. Նաամոյեան  նախ ողջունեց ներկաները, ապա ծանօթացուց կազմակերպութեան հիմնական նպատակը եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնը` ըսելով. «Այս բարոյական ազդակը մեր ինքնագիտակցութեան մէջ ի վերուստ տրուած է` իբրեւ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, հետեւելով մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերուն, որ պատուիրեց հարուստ երիտասարդին` ըսելով. «Եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, վաճառէ  քու ինչքերդ ու աղքատներու տո՛ւր, այսպիսով գանձ կ՛ունենաս երկնքի մէջ»: Այս վառ օրինակին եւ Ս. Պօղոսի պատուէրին` «Ձրի առիք, ձրի՛ տուէք» հետեւելով` դուք եւս ս. առաքելութիւն մը կը վարէք»: Ան իր խօսքին աւարտին կարդաց հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին կողմէ ուղղուած յորդորը, ուր հայրապետը կ՛արժեւորէ «Աւրորա» կազմակերպութեան «Արարատ չալընճ» ծրագիրը:

«Աւրորա» կազմակերպութեան անունով հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հանդէս եկան «Աւրորա»-ի հիմնադիրներէն Ռուբէն Վարդանեան եւ Նուպար Աֆէեան, որոնք հերթաբար երկլեզու աւելի մանրամասնօրէն ներկայացուցին իրենց վսեմ աշխատանքն ու ունեցած ապագայի տեսլականը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին մեծաւոր հօր, որ այս գեղեցիկ առիթը ընձեռեց իրենց:

Խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր իտալական «Ի փացցի» լարային անսամպլը հնչեցուց Կոմիտաս վարդապետի «Օրօր», «Գարուն ա», «Հո՜յ նազան» եւ «Կռունկ» երգերը` ղեկավարութեամբ  մայեսթրօ Քարլօ Ալպերթօ Ճոճայի եւ մենակատարութեամբ Մարինէ Գրիգորեանի: Մօտ մէկ ժամ ընդգրկող յայտագրի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Լեւոնեան վարժարան, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: