Category: Սփիւռք
Տիարպեքիրի Ս․ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Եւս Ընտրատեղամաս Բացուած է Կ․Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասնակից Պատուիրակները Ընտրելու Համար
Դեկտեմբեր 11-ին նախատեսուող Կ․Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքը ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Դեկտեմբեր 8-ին Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւս ընտրատեղամաս բացուած է: Akunq.net-ի յատուկ թղթակից Կարօտ Սասունեան Տիարպեքիրէն […]
Պոլսոյ Պատրիարք Դառնալու Աւելի Մեծ Հնարաւորութիւն Ունի Սահակ Մաշալեանը
Դեկտեմբերի 8-ին Պոլսոյ հայ համայնքը պատրիարք կ՝ընտրէր: Թէեւ պաշտօնապէս Պոլսոյ հայոց պատրիարքին անունը յայտնի պիտի դառնայ Դեկտեմբեր 11-ին իրականացուելիք ընտրութեան օրը, բայց արդէն Նախաձեռնակ մարմնի կողմէն նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք […]
Ընտրուած Անձը Իմ Պատրիարքը Պիտի Չհամարեմ. Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ մէջ ընթացող պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ ըրած է ուշագրաւ յայտարարութիւն։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Twitter-ի իր էջին վրայ Փայլան գրած է, որ պիտի չմասնակցի ընտրութեան եւ […]
Յուշամատեանը Աթէնքի մէջ՝ հայու արմատներու որոնումով
Հինգշաբթի՝ 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 1 Դեկտեմբեր Աթէնք գտնուեցաւ հանրածանօթ Յուշամատեան միութեան գիտաշխատողներու խումբը, գլխաւորութեամբ Վահէ Թաշճեանի։ Տարիներ առաջ կազմուած Յուշամատեանը, ճամբայ ելած է լուսանկարելու եւ ի մի հաւաքելու համար […]
Անին, Հակառակ Բոլոր Ջանքերուն, Տխուր Է. Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մասնակցեցաւ Կարսի քաղաքապետական խորհուրդին եւ «Անատոլուի Մշակոյթ» հիմնարկին կազմակերպած «Քարի ձօն՝ Անի» խորագիրով ցուցահանդէսին, եւ այդ առիթով ան նաեւ այցելեց Անիի […]
Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած […]
Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ս. ԱթոռոյսԳահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհգացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւհաւատացեալները միասնաբար իրենց աղօթքը ուղղելով Բարձրեալին՝ խնդրեցին, որ զոհերուն հոգիներըլուսաւորէ, Իր հովանին անպակաս ընէ Հայաստան աշխարհին վրայէն եւ պահէ, պահպանէ ու զօրացնէԱրցախը եւ Սփիւռքը։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Ընտրութիւն, Որ Յաղթող Պիտի Չունենայ
Պատրիարքական Աթոռի 13 տարիներու թափուր շրջանը, եթէ վերջին պահուն յանկարծ դատական արգելք մը չպատահի 11 Դեկտեմբերին պիտի տիրանայ իր նոր գահակալին։ Սակայն ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ […]
Հալէպի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութիւն՝ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակին
Ժիրայր Կարապետեան, “Գանձասար” «Սիրեցէ՛ք զիրար, շատ Սիրեցէ՛ք, որպէսզի Ապրիք»։ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան […]
Կրասնոտարի Հայերը Օգնութիւն Ուղարկած են Սուրիոյ Հայ Համայնքին
Ռուսիոյ Կրասնոտարի շրջանի հայութիւնը Սուրիոյ հայ համայնքին համար ուղարկած մարդասիրական օգնութեան բեռը, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան անմիջական օժանդակութեամբ հասած է Հալէպ:










