Հալէպի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութիւն՝ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակին

Սփիւռք

Ժիրայր Կարապետեան, “Գանձասար”

«Սիրեցէ՛ք զիրար, շատ Սիրեցէ՛ք, որպէսզի Ապրիք»։

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին «Աղաճանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակին ։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք.Միր-իաթեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Պատուելի Սիմոն Տէր Ներսէսեան, ազգային, բարեսիրական, մարզական, մշակութային, եկեղեցական եւ կրթական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայրեր, վարդապետներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Ալեքսանեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով , ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը։

Բացման խօսքով Հանդէս Եկաւ ՀԿՄՄ Յանձնախումբի անդամ Պօղոս Սաճոյեան: Ան ներկայացուց Կոմիտասը յայտնելով որ. «Կոմիտաս անուն մըն է նուիրական, իր մշակած հարուստ ազգային երաժշտութեամբ, իր տխուր եւ դաժան ճակատագիրով: Ան ունեցաւ տեսիլք մը եւ երաժշտական հարուստ գիտութիւն՝ համարձակօրէն ընդգծելու որ երաժշտութիւնը ազգային արժէք է, զոր պէտք է յայտնաբերել ու պահպանել»:

Ապա ան միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ՀԵԸ-ին, Համազգայինի վարչութեան եւ Գառնի պարախումբին, որոնք իրենց ներդրումը բերին ձեռնարկի կազմակերպման։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Թամար Աղայեանի տպաւորիչ ամսունքով: Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» Պոեմը յուզեց ներկաները։ Կոմիտաս վարդապետի ոգեկոչումով լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոր ազգային, երաժշտական եւ մարդկային արժանիքները:

ՀԵԸ-ի Կոմիտասի անուան լարային քառեակը յաջորդաբար նուագեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն «Քէլէ, Քէլէ», «Երկինքն Ամպել Ա», «Վաղարշապատի Պար» կտորները, որոնց մշակումը կատարած էր Սերկէյ Ասլամազեանը: Քառեակին մաս կը կազմէին Դաւիթ Մելքոնեան, Կարօ Արսլանեան, Շահէ Աւագեան եւ Սարգիս Աւագեան։

Կոմիտասի Կենսագրական գիծերը համառօտ կերպով ներկայացուցին Տիկ. Սոնա Գրտանեան-Պզտիկեան եւ Տիկ. Թամար Կիլոյեան-Տատաղլեան։ Ընթացքին կենդանի պատկերով ներկայացուեցաւ Կոմիտասի եւ Արշակ Չոպանեանի երկխօսութիւնը՝ Փարիզի մէջ, որուն մտայղացումը կատարած եւ Կոմիտասը մարմնաւորած էր Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան։ Արշակ Չոպանեան կը համոզէր Կոմիտաս վարդապետը, որ չվերադառնայ Պոլիս, այլ մնայ Փարիզ, որովհետեւ այնտեղ թռիչք կ’առնէ անոր տաղանդը: Կոմիտաս վարդապետը, սակայն, կը պնդէր, որ պիտի մեկնի իր երկիրը, իր ժողովուրդին ծառայելու, հայրենի լեռներուն բոյրը շնչելու:

Կոմիտասեան երգերու շունչով հանդիսութիւնը գունաւորեց «Գառնի» պարախումբը՝ ներկայացնելով «Վաղարշապատի Պար», «Նազան Եար» եւ «Շողեր Ջան» պարերը, գեղ. ղեկավարութեամբ Վրէժ եւ Նանոր Թէրզեաններու։

Ապա հանդես եկաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի «Ալեմշահ» երգչախումբը, յաջորդաբար ներկայացնելով «Քրիստոս Ի Մէջ», «Օրհնեալ է Աստուած», «Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու» եւ «Շողեր Ջան» կտորները, խմբավարութեամբ տիկ. Մարգրիտ Խաչատուրեան-Պանտակի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռաֆֆի Պալեանի։

Գոհունակութեան փակման խօսք արտասանեց Արհի. Տէր. Պետրոս. Արք. Միրիաթեան, որ վեր առաւ Կոմիտասին արժէքը ըսելով. «Կոմիտասը մերն է, որովհետեւ կը պատկանի մեր բոլորին, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, մինչեւ հեռաւոր աշխարհ, ուր մէկ հայ իսկ կայ: Կոմիտասը Կը պատկանի Հայաստանեաց եկեղեցիին իր շարականերով, աղօթքներով, երգերով: Կոմիտասը մերն է, որովհետեւ կը պատկանի հայ մշակոյթին: Կոմիտասը մեր երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցն է»։ Ապա Գերապայծառ տէրը գնահատեց կազմակերպիչ յանձխնախումբը, որպէս օրհնութիւն պատուեց Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեանը՝ հայկական ձեռագործ խաչ մը նուիրելով անոր։

Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հայր Մեր»ով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։