Ո՞վ Էր Ղաննաս-ը. Ի՞նչ Էր Խաթըֆ-ը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աւետիս Ռազմիկ

Լիբանանի քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմին էջերը, բազմաթիւ եզրերով, բառերով եւ արտայայտութիւններով դրոշմուեցան: Անոնց ակամայից վերյիշումն անգամ սարսուռ կը պատճառէ այդ դաժան օրերուն բովէն անցած ոեւէ լիբանանցիի:

1990-ին, պատերազմին դադրելէն յետոյ, անոր բացասական հետքերն ու հետեւանքները ի սպառ կարելի չեղաւ վերացնել, քանի սերունդ մը ամբողջ հասակ նետած էր անոր դժնդակ ու ահազարհուր պայմաններուն տակ, անոր զահանդական տպաւորութիւններով ճնշուած եւ վայրագութեանց սահմռկեցուցիչ դէպքերը եղած էին սովորական եւ անբաժանելի մասնիկ մը անոր լիբանանեան առօրեային:

Երբ լռեցին թնդանօթները, դադրեցան կոյր ռմբակոծումները, հետզհետէ չքացան սպառնաշունչ քարոզները եւ հակադիր կողմեր նախընտրեցին բանակցութեան սեղանը՝ զէնքի փոխան, ամենաերջանիկ եւ լաւատես հատուածը ժողովուրդին մեծամասնութիւնն էր, քանզի միշտ ալ անմեղ քաղաքացիներն են հիմնական տուժողները որեւէ պատերազմի:

Ցայսօր, շատերու մօտ պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն կ’ունենայ «քաղաքացիական պատերազմ» եզրոյթը. երակներու մէջ պահ մը արիւնը կը սառի, երբ մարդ վերյիշէ անոր տգեղ ուրուականը: Մարդիկ իրաւացիօրէն նզովքի եւ անէծքի տարափ կը տեղացնեն անոր պատճառներուն, զայն սերմանողներուն, անկէ մեծապէս օգտուածներուն հասցէին: Մարդիկ արդարօրէն կը խրտչին այդ չարագուշակ յղացքէն, որուն ժխտականութեան հետեւանքով ընտանիքներ եղան տեղահան, մայրեր՝ որդեկորոյս, հազարներ՝ որբացած, տուներ ու օճախներ՝ աւեր ու աւար, հարազատներ՝ իրարու թշնամի, երիտասարդներ՝ գաղթական, ինչքա՜ն մանկիկներ չկրցան ըսել՝ «հայրի՜կ, հայրի՜կ», թարմատի ուժեր՝ խեղանդամ, գործազրկութիւն, առեւանգումներ, անհետ կորածներ, ալան-թալան, փակուած դպրոցներ՝ ուրեմն անգրագիտութիւն, գերդաստաններ՝ բաժան-բաժան, տուներ ու կառոյցներ՝ այրացաւեր եւ երջանիկ օրեր՝ ընդմիշտ հեռացած:

Արդարեւ, պատերազմը իր տարողութեամբ եւ ահաւորութեամբ չխնայեց ոչ ոքի: Սեւով պատանքեց երկիրը՝ իր բոլոր շրջաններով, արիւնով ու արցունքով թրջեց բոլորին տուները: Խորշակի կատաղութեամբ ջնջեց աջն ու ձախը: Քաղաք ու գաւառ, կրօնք, յարանուանութիւն, կուսակցութիւն, դաւանանք, հատուած զերծ չմնացին անկէ: Անտարակոյս, համատարած էր աղէտը, բոլորին կը հարուածէր սուգն ու շիւանը:

Այս ճնշող եւ ցաւոտ յիշողութիւններով ծանրաբեռն, առ հասարակ լիբանանցիին հակազդեցութիւնը բնականաբար պիտի ըլլայ.- ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ քաղաքացիական պատերազմի օրերու վերադարձին. անկցի՛ն եւ անիծուին այդ օրերն ու անոնց պատասխանատուները:

17 Հոկտեմբերէն ի վեր խռովեալ օրերու մէջ է Լիբանան: Տարիներու ընթացքին կուտակուած դառնութեան մը պոռթկումին ականատես կ’ըլլանք փաստօրէն: Ընկերային-տնտեսական հեղձուցիչ պայմաններու հետեւանքները ժողովրդային բազմութիւնները աննախադէպօրէն ուղղեցին դէպի փողոց ու հրապարակ: Համբերութեան բաժակը յորդած էր աներկբայօրէն: Տնտեսական չարաշահումներ ու տուրքեր, պետական խոշոր բաժիններու իւրացումներ եւ սղաճ, ընկերային անապահով պայմաններ եւ ծաւալող գործազրկութիւն պարարտ ենթահողը պատրաստեցին լիբանանեան յեղափոխութեան, որ կրցաւ անհաւատալիօրէն իր դրօշին շուրջ համախմբել երկրին բոլոր կողմերը անխտիր: Սովի ու զրկանքի մօտալուտ սպառնալիքը միացուց բոլորը: Մարդ միայն ցաւն է որ կ’ուզէ կիսել իր նմանին հետ եւ այս պարագային՝ վաշխառուներու դէմ ընդվզումը եղաւ ուժեղ ազդակ լիբանանեան միասնականութեան:

Ժողովրդային ինքնամուղ այս թոհուբոհին մէջ, ահա ոմանք սանձելու համար արդէն սանձակոտոր իրավիճակը, սաստելու եւ ահաբեկելու համար արդար պահանջատիրութիւնը, իրենց բերաններէն սկսան փախցնել եւ վերյիշեցնել «քաղաքացիական պատերազմ» չարայուշ եզրը: Կարծէք հաճոյք կը ստանային անկէ: Եւ այնպիսի մարդիկ, որ օրին ախոյեանները եղած էին այդ թէժ օրերուն:

Ի՞նչ է, այսքա՛ն շուտ թառամեցան յիշողութիւնները: Այսքա՛ն արագ մոռցուեցան պատերազմին պատճառած տուայտանքները: Ի՞նչ է, պատերազմին ուրուականը կ’ուզեն որպէս մահա՞կ գործածել ժողովուրդը սմքեցնելու եւ իրենց բացայայտուած ու մերժուած գործարքները շարունակելու: Այդ օրերու աղի ու լեղի դրուագները դասեր չեղա՞ն շատերու: Ժամանակին պատերազմին պատճառները կը վերագրէին արտաքին ուժերու, իսկ հիմա որո՞նց պէտք է մեղադրել սեփական ապիկարութեան եւ աթոռատենչութեան համար: Ի՞նչ է, կը կարծեն թէ եղբայրասպանութիւնը քաջագործութի՞ւն է, անզէն անմեղներ գնդակահարելը հերոսութի՞ւն է, թէ՞ ստորնութիւն:

Եթէ սերունդ մը աճած է եւ չի գիտեր անոր քասքնելի պատկերը եւ բարեբախտաբար չէ տեսած անոր քստմնելի իրականութիւնը, մի գուցէ յորդորէինք եւ ուղղէինք առողջ ճանապարհով եւ համերաշխութեան ոգիով, սակայն՝ ի՞նչպէս հասկնալ եւ թոյլատրել անոնց՝ որոնք ապրելէ եւ ապրեցնելէ յետոյ այդ սեւաթոյր օրերը, դարձեալ կը կրկնեն հազար անգամ դատապարտելի իրենց անուղղայ ընթացքը:

Մոռցա՞ք կոյր ռմբակոծումները. ականուած ինքնաշարժերու աստ ու անդ պատճառած աւերները. վառելանիւթի, հացի ու ջուրի երկար հերթերը, որոնց ընթացքին կ’իյնային անմեղ քաղաքայիններ: Անլոյս գիշերներն ու զինադադարի կարօտ սրտատրոփ պահերը: Անծանօթ ու խոշտանգուած դիակներու որոնումները, հրթիռակոծուած հիւանդանոցներն ու ածխացած բնակարաններու մէջ մնացած անճանաչելի մարմիններու պատկերները: Անցարգելներ, պատնէշներ, ականներ եւ անակնկալ առեւանգումներ հիւծեցին հազարաւոր ծնողներու սիրտեր ու հոգիներ:

Ժողովուրդը դառն փորձառութեամբ կ’աղաղակէ՝ ո՛չ պատերազմին. հազար անգամ ո՛չ: Թող կարկամին լեզուները անոնց՝ որոնք նոյնիսկ կը մտմտան այդ օրերը վերապրեցնելու մասին:

Տակաւին կարելի է ինչե՜ր թուել ու թուել, շարքը երկարել: Սակայն, պատերազմէն անտեղեակ ջահելներուն յուշենք երկու փշաքաղիչ բառեր, որոնց անծանօթ է ան վստահաբար, քանի կը պատկանին պատերազմեան բառապաշարին:

Ղաննաս.– սարսափելի անգութ մը, որ ծպտուած, շէնքի մը տանիքը ծուարած, դիպուկօրէն կը կրակէ եւ կը սպաննէ մարդկանց լոկ հաճոյքի համար: Երբեմն կը վարձատրուի իր վարպետներէն: Անոր նպատակը միայն սպաննել է, արհեստը երեւի, չի գիտեր որու, թերեւս ծանօթի մը, դրացիի, կուսակիցի մը, հարազատի նաեւ, կրնայ ըլլալ եղբայրը կամ քոյրը: Առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան, պէտք է սպաննէ տունը նստած աղջիկ մը, հաց գնող պապիկ մը, դպրոցական մը, կքած մամիկ մը, աշխատանքէն վերադարձող հայր մը: Հայերէնով փորձեցին համարժէք բառը գտնել, գրեցին՝ մարդորս, դիպուկահար: Բայց ճիշդ իմաստը չկրցան գտնել, չկա՛յ, որովհետեւ հայը ղաննաս չի կրնար ըլլալ, դարանակալ մարդասպան մը գազանատիպ: Ղաննաս-ը ամենազզուելի կերպարն էր պատերազմեան առօրեայէն: Հեռո՛ւ մեզմէ ղաննաս-ները: Վերստին՝ ո՛չ պատերազմին:

Խաթըֆ.- առեւանգում: Ըստ անունի, կրօնքի եւ յարանուանութեան զոհը բռնի առեւանգել, աչքերը կապել, ձեռքերը շղթայել, հայհուչներու տարափի տակ որեւէ ամայի վայր տանիլ զայն, գնդակահարել եւ անհետացնել ի սպառ: Քիչ բախտաւորներ խաթըֆ-էն տուն վերադարձան ողջ առողջ: Հրաշքի համազօր երեւոյթ էր խաթըֆ-էն փրկուիլը: Ինչքա՜ն մայրեր ու զաւակներ առ այսօր կը սպասեն իրենց հարազատները, որոնք խաթըֆ-ի ենթարկուեցան եւ անոնց անհետացումէն ետք ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացան:

Ո՛չ քաղաքացիական պատերազմին: Հազար անգամ ո՛չ: