Թուրքիա. Ճշմարտութեան Ժամը՝ Արիան Պոնզոն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Արդարադատութիւնը միշտ եղած է այս իշխանական աւանդութիւն ունեցող երկրին տկար կէտը: Ըստ Եւրոպական Մարկային Իրաւանց Ատեանի 2015էն տեղեկագրի մը (CEDH), Թուրքիոյ դէմ կայացուած են առնուազն 2900 որշումներ, հիմնուելով առնուազն մէկ դէպքի վրայ ինչ կը վերաբերի Մարդկային Իրաւանց խախտումներու 1959էն ի վեր:

Թուրքիա, Ճշմարտութեան ժամը, Արիան Պոնզոն, էջ 267

 

Արիան Պոնզոն, անսեթեւեթ կերպով կատարած է ժամանակակից Թուրքիոյ քաղաքական-գաղափարախօսական շողանկարը (radioscopie): Անմիջական պատմութեան արտակարգ պատկեր մը: Գիրքը. 320 էջ. լոյս է տեսած 2019ին: Գիրքին անունն է՝ La Turquie, L’heure de vérité, հրատարակութիւն՝ Editions Empreinte, temps présent, հեղինակ՝ Ariane Bonzon, ֆրանսական կարեւոր քաղաքական հրատարակութիւն Le Monde Diplomatique ամսագրի անձկազմի անդամ:

Միջազգային քաղաքական բեմ ներխուժած Թուրքիոյ նոր ինքնակալ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, կ’ուզէ վերականգնել օսմանեան մեծութիւնը՝ ընդդէմ ազատ աշխարհի: Թէեւ ինք կ’ուզէ ներկայանալ որպէս ազատական եւ ժողովրդավարական, բայց սկսնակ քաղաքագէտներն անգամ հասկցած են, որ ան իսլամական-ազգայնական ինքնակալական վարչակարգ մը հաստատած է, տարիներէ ի վեր մէկ քայլ առաջ-մէկ քայլ ետով հետապնդուող Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը անկարելի դարձնելով, բայց շարունակելով նիւթապէս լիաբուռն օգտուիլ: Թուրքիան կառավարող արժէքները անյարիր են Եւրոմիութեան եւ անկարելի կը դարձնեն Թուրքիոյ անդամակցութիւնը: Մերժումը արմատականացման կրնայ մղել Թուրքիան:

Ա. Պոզոն, գիրքի 47 գլուխներուն տակ եւ եզրակացութեամբ կը ներկայացնէ Թուրքիան իր բոլոր երեսներով, բնակչութեան բազմազանութեամբ, տնտեսութեամբ, անցեալով, պայքարներով, երիտասարդութեամբ, կասկածելի յարաբերութիւններով Իսլամական Պետութեան՝ Տահէշի հետ, բարքերով: Կը քակէ թրքական թնճուկը ինչպէս պիտի ընէր ախտաճանաչում ընող վիրահատողը: Պաղ պատերազմէն մնացած դասական դիւանագիտութեամբ, Թուրքիան կը շոյէին, այսօր ճշմարտութիւններու մասին կը խօսին: Թուրքիան Արեւմուտքի ծանծաղութիւնները չսպասեց, դիմաշրջում ունեցաւ, դէպի Ռուսիա եւ Ասիա, երբ իր առջեւ փակ գտաւ Եւրոմիութեան դուռը:

Արեւմուտքը Թուրքիա-Իսլամական Պետութեան (Տահէշ) հետ գործակցութեան մասին ինչ որ կ’ըսէր շրթներու ծայրով, Ա. Պոզոն կ’ըսէ փաստերով: Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի բազմաբնոյթ բաց վէրք խնդիրները,- հայկական, քրտական, ալեւիական, յունական,- կը տողանցեն, բռնութեան եւ անհանդուրժողութեան անթաքոյց ճնշման տակ: Կը խօսի Թուրքիոյ ինքնակալական (autocratique) վարչաձեւը եւ ծաւալապաշտական միտումը Եւրոպա արտածելու ցանկութեան մասին, որուն համար Եւրոպայի թուրք եւ արաբ աշխատաւորները կրնան միջոց կրնան ըլլալ:

Գիրքը զգուշացում է: Ապագային ո՛չ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ չէր նախատեսած, չէր գիտեր, ոչ միայն հայերը, քիւրտերը, յոյները, ալեւիները, այլ նաեւ արաբները, Եւրոպան, նաեւ՝ Ռուսիան եւ Չինաստանը:

Լաւ պիտի ըլլար գիրքը թարգմանել հայերէնի, անգլերէնի եւ այլ լեզուներու, քան զայն ծանօթացնել գրախօսականով մը: 47 գլուխներուն մէկ առ մէկ կարելի չէ անդրադառնալ: Ա. Պոնզոն քանի մը տասնամեակէ ի վեր հետեւած է Թուրքիոյ կեանքին: Գիրքին մէջ առանցքային դէմք է Թուրքիոյ ինքնակալը, բայց հոն են նաեւ այլ դէմքեր, որոնց վրայ կեդրոնացաւ միջազգային հանրութիւնը, ինչպէս «սպանուած հայ լրագրող Հրանդ Տինքը», քիւրտ քաղաքական պարագլուխ Սալահէտիին Տեմիրտաշը, աշխարհիկ զօրավար Քեմալ Եաւուզը, Ամերիկա ապաստանած Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնը (Էրտողանի նախկին դաշնակիցը), գրող եւ հրապարակագիր Ահմէտ Ալդանը:

Կը կարդանք. «Յուլիս 2016ի զինուորական ձախողած յեղաշրջման հետքերով, ան (Էրտողան), զսպումի քաղաքականութեան ձեռնարկեց բոլոր մակարդակներու վրայ եւ հաստատեց քաղաքական վարչաձեւ մը, որ իրեն կը շնորհէ ամբողջ իշխանութիւնը, որուն կը ձգտէր տարիներէ ի վեր… Այնուհետեւ կրնայ յուսալ անցնիլ յաջորդ հանգրուանին, իր առաջնորդութեամբ, հաստատել Թուրքիոյ վրայ օսմանեան նախկին խալիֆայութիւնը, իսլամական աշխարհի վրայ, միջոցին արդէն թրքական բանակը ոտք կը դնէ սուրիական հողի վրայ: Ահա այս բոլորին համար Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կը դիմակայէ ճշմարտութեան ժամ մը»: (էջ 16-17):

Պոնզոն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս, տնտեսական ծանրակշիռ նահանջի եւ փտածութեան մթնոլորտի մէջ, անատոլուցի-իսլամ լուռ մեծամասնութիւնը կը խլրտայ, որ պիտի ըլլայ ենթահողը Ռ. Էրտողանի ինքնակալութեան: Երկիրը անոր պատրաստուած է Իմամ Հաթիպ հանրային-կրօնական դպրոցներու ցանցով: 2018ին անոնց թիւը եղած է 4000, ուր կը պատրատուէր Թուրքիոյ իսլամ քաղաքական ընտրանին, համատեղելով սիւննի իսլամութիւնը եւ թուրք ազգայնականութիւնը:

Հետաքրքրական է արդարադատութիւնը: Երիտասարդ դատաւորները կը ղրկուին երկրի քրտական ծայրամասերը, 1400 քիլոմեթր հեռու: Անոնք գիտեն, որ եթէ փորձեն անկախ ըլլալ կեդրոնական իշխանութենէն, իրենց ապագան կը խափանուի: Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնի կուսակից վեց դատաւորներ ձերբակալուեցան եւ դատի տրուեցան: Հաւատարիմներ կը գլխաւորեն այսօրուան դատական համակարգը:

Պոնզոն կը խօսի քրտական շարժման առաջնորդ Ապտալահ Օչալանի մասին, զոր ձերբակալած էին հեռաւոր Քենիայի մէջ, կ’ըսէ, ամերիկեան, իսրայէլեան եւ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու համագործակցութեամբ: 2000ին, երեսուն քիւրտ պատանիներ Պոլիս կը բերուին բանակին կողմէ. «Բանակը կ’ուզէ ցոյց տալ այս տղոց, որ զիրենք կը սիրեն, որ իրենք մաս կը կազմեն մեծ երկրի մը, անբաժանելի, Թուրքիոյ, որ յաջորդած է Օսմանեան կայսրութեան: Երկիր մը, որ պէտք է նայի դէպի Արեւմուտք եւ որուն տնտեսական ապագան խոստմնալից է»: Եւ սերունդը սիրաշահելու եւ տպաւորելու համար, այդ խեղճ հագուած պատանիները կը տարուին պալատներ եւ առեւտրական կեդրոններ, որոնց համար կը գնուին վերարկուներ::

Բանակը օրին անդրադարձած է վտանգին: 1971–ի յեղաշրջման ղեկավարներէն եւ 1980–ին նախագահութեան թեկնածու զօրավար Մուհսին Պաթուրի խօսքը կը մէջերէ Ա. Պոնզոն. «Թուրքիան կը դիմակայէ երկու վտանգ, առաջինը իսլամականութեան տարածումն է եւ երկրորդը քրտական անջատողականութիւնը» (էջ 35): Եւ ապա զօրավարը կ’եզրակացնէ. «Եթէ զանոնք ազատ ձգէք, իսլամականները իշխանութեան կը տիրանան» (նոյն տեղը): Եօթը տարի վերջ, բանակը կը փորձէ ընդդիմանալ Ապտալլահ Կիւլի նախագահ ընտրութեան, տեղի կ’ունենան բանտարկութիւններ եւ դատեր: 15 յուլիս 2016–ի յեղաշրջման փորձէն ետք՝ կրկին ձերբակալութիւն եւ դատեր: 2002–ին իշխանութեան տիրացած Ռ. Էրտողան բանակի եւ ապահովութեան ուժերը չէր հակակշիռը : «Այդ իրեն ներկայացող մեծագոյն մարտահրաւէրն էր», կ’ըսէ Պոնզոն:

Գիրքի Դ գլուխի խորագիրն է.«Հրանդ Տինք, լրագրող, հայ եւ թուրք քաղաքացի» (էջ 38-43): Վեց էջերով կը խտացուին մեզի ծանօթ դէպքերը:

Շիշլիի ԱԿՕՍ թերթի խմբագրատան մէջ զրոյցի մը կ’անդրադառնայ Ա. Պոնզոն: Կը մէջբերէ Հրանդ Տինքի երկսայրաբանութիւնը. «Մենք, Թուրքիոյ հայերս, կ’ապրինք ածելիի շեղբին վրայ: Կամ կ’իյնանք այս կողմ, որ պիտի նշանակէ ուրանալ մեր ժառանգութիւնը (հայկական), կամ կ’իյնանք միւս կողմ, որ պիտի նշանակէ դաւաճանել երկրին (Թուրքիոյ), ուր կ’ապրինք բոլորս»: Ինչպէս Ա. Պոնզոն դիտել կու տայ, որ «…խնդրոյ առարկան ցեղասպանութիւն եզրի գործածութիւնն է, զոր Հրանդ Տինք գրեթէ բնաւ հրապարակաւ չի գործածեր: Բայց ինք կ’ըսէ հետեւեալը. «Պատասխանատու 1915–ի հայոց տեղահանութիւններուն եւ լայնածաւալ ջարդերուն, թրքական ազգայնականութիւնը քեմալական պետութեան հիմքին կը գտնուի: Հրանդ Տինք այդ չի դրժեր: Գիտէ, որ հայերը ներկայացնել այնպէս, որ զոհ եղած են եւ ոչ դաւաճաններ, կը նշանակէ քանդել Թուրքիոյ գաղափարաբանական սիւներէն մին: Գերեզանց թապու մը: Այնուամենայնիւ, լրագրողը կ’ըսէ, որ օտար պետութիւնները չէ որ պէտք է օրէնք ընդունին հայկական ցեղասպանութեան իրողութեան մասին, այլ թրքական խորհրդարանը: Այդ անկարելի կը թուի այս երկրին մէջ, որ կառուցուած է ազգային ինքնութեան առասպելի մը վրայ, թուրք եւ մահմետական միաժամանակ, ջնջելով դարերու հայկական ներկայութիւնը: Որովհետեւ, տարբեր սփիւռքի հայերէն, որոնք կը պայքարին որպէսզի ճանչցուի իրենց նախահայրերու ապրած ողբերգութիւնը, Թուրքիոյ հայերուն ներկայացող մարտահրաւէրն է մերուիլ թրքական ընկերութեան մէջ առանց անոր մէջ լուծուելու»: … «Ինչպէս կ’ըսէ առեւտրական մը…. ադոր համար հարկ է նախ կարենալ շարունակել հայերէն խօսիլ»: (էջ 39)

Պոնզոն կը խօսի Հրանդ Տինքի հետապնդած քաղաքական վարքագիծին, Լոզանի դաշնագրի (1923) գործադրութեան պահանջի մասին: Կը մէջբերէ Հ. Տինքը. «Եթէ նայիք Լոզանի դաշնագրի փոքրամասնութիւններու վերաբերող յօդուածներուն, պիտի նկատէք, օրինակ, որ անոնք իրաւունք ունին դպրոցներ բանալու, եկեղեցիներ կառուցելու եւ նոյնիսկ պետութիւնը պարտաւոր է օգնելու, եթէ եկեղեցիները միջոցներ չունին: Բայց ոչինչ փոխուած է, մենք ոչ մէկ նոր բան կրցած ենք կառուցել: Անգարան ոչինչ կ’ընէ»:

Պոնզոն կը գրէ. «2018–ին, Իսթանպուլի դատախազութիւնը յայտնած էր, որ ցեղասպանութեան մասին խօսիլ կը վերաբերէր արտայայտուելու ազատութեան: Բայց նոյն ամիսն իսկ, Անգարայի դատախազութիւնը հետապնդումի ձեռնարկեց Կարօ Փայլանի, հայկական ծագումով թուրք երեսփոխանի մը դէմ, քանի որ ան խորհրդարանին մէջ գործածած էր ցեղասպանութիւն բառը: Եւ պատժական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը միշտ կը սահմանէ 6 ամիսէն 2 տարի բանտարկութիւն բոլոր անոնց, որոնք կ’անարգեն թուրք ժողովուրդը, թուրք Պետութիւնը, թուրք խորհրդարանը, կառավարութիւնը, արդարադատութիւնը, բանակը կամ ոստիկանութիւնը, ինչպէս հայկական ցեղասպանութեան  յիշեցումը» (էջ 43):

Զարմանալի օրէնք եւ ազատութեան ըմբռնում: Պետութիւնները Ա. Պոնզոնի այս հաստատումը չէին սպասեր գիտնալու համար: Սպասարկութիւններ ունին: Բայց…

Տարբեր էջերու մէջ, կը խօսուի Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան յոյսին եւ յուսախաբութեան մասին: Դէպի Եւրոպա բացուելու հակամէտ երիտասարդութիւնը մտահոգուած է: «Երբ միայն Թուրքիան կը քննադատուի, թուրքերը իրենք իրենց վրայ կրնան փակուիլ եւ ազգայնականութիւնը կրնայ վերայայտնուիլ»: 1 մայիս 2004-ին, 10 նոր երկիրներ անդամ դարձան Եւրոմիութեան, եւ Թուրքիան դուրս մնաց:

Կրօնական-պահպանողականներու ընտրական յաղթանակով, նոյեմբեր 2002-ին, ժամանակակից պատմութիւնը կը սկսի, Ռ. Էրտողան կը դառնայ վարչապետ: Սկզբնական շրջանին բարեկարգումները կը շարունակուին, ընդունելի ըլլալու համար Եւրոմիութեան կողմէ, նաեւ խուսափելու համար բանակի ճնշումէն: 2007-ին բանակ եւ աշխարհիկ դասը կը փորձեն ընդդիմանալ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (AKP) թեկնածուի նախագահ ընտրուելուն, բայց Ռ. Էրտողան կանխահաս ընտրութիւն կը կազմակերպէ եւ կը յաղթէ:

Ա. Պոնզոն կը նկարագրէ Թուրքիոյ ներքին կացութիւնը, կը խօսի «պատուոյ ոճիր»ներու մասին: Մարդիկ կ’ըսեն. «Մեր պատիւը աւելի կարեւոր է մնացեալէն, մեր պատիւը գերադաս է թրքական օրէնքէն», արդարացնելով մեղանչած կանանց սպանութիւնը: «Երբ ընտանիքի պատիւը արատաւորուած է, զայն պէտք է լուալ սխալ գործած կնոջ արիւնով» (էջ 59): Արիան Պոնզոն կը մէջբերէ թուրք լրագրողուհի Այշէ Էօնալի վկայութիւնը. «Այս մշակոյթին մէջ կանանց շնորհն է ըլլալ արժանաւոր եւ առաքինի, եւ այրերու պարտականութիւնն է հսկել անոնց վրայ, որպէսզի այդ շնորհները պահեն: Երբ կին մը չի պահեր այդ իտէալները, հարկ կ’ըլլայ զայն սպաննել: Այն այրը որ կը մերժէ այդ ընել, չի կրնար բնական կերպով ապրիլ, ան կը ստորնացուի, կ’արհամարհուի ամբողջ գիւղին, դրացիներուն, ընկերներուն, ընտանիքին կողմէ: Պատուի համար գործուած ոճիրները ընտանեկան բռնարարքներ չեն, անոնք ընկերային են եւ վեր՝ ընտանիքներէն» (էջ 60): Ոճրագործը կը դատապարտուի բանտարկութեան, բայց ընկերութիւնը կը մնայ այնպէս ինչպէս որ է, կրօնական ըմբռնումի եւ օրէնքի ճնշման տակ:

Ա. Պոնզոն կ’անդրադառնայ ոստիկանութեան, որ կը սպառնայ բրտութեամբ եւ խենէշ արտայայտութիւններով, տանջանքներով: Ոստիկանները ընդհանրապէս չեն դատապարտուիր: Եւրոպական արդարադատական ատեան դիմողներ կ’ըլլան: Ռեճէպ Էրտողան միշտ զգոյշ ըլլալով բանակէն, կը կռթնի ոստիկանութեան վրայ, որուն յատկացուած վարկերը բազմապատկուած են: Բայց պայքարողներ կան: Էջ 71, կը կարդանք. «Շրջանին մէջ, երեսուն տարուան ընթացքին, 284 գիւղեր, որոնց բնակիչները մերժած են գործակցիլ բանակին, աւերուած են»:

Թրքական կամայականութեան պատկեր է գիրքի 11րդ գլուխը, էջ 78: Խորագիրը թելադրական է. «Ուղղափառներու (օրթոտոքս) ուրուական դպրոցը»: Կը կարդանք. «Հէյպէլի կղզին, սեպտեմբեր 2004: Այս Իշխանաց Կղզիի բլուրներէն մէկուն վրայ, Մարմարա ծովուն մէջ, ուրուական դպրոց մը, շրջապատուած ծառերով, հանրութեան առջեւ փակ, տօնուած եւ ցանկացուած աշխարհի բոլոր ուղղափառներուն կողմէ: Իսթանպուլէն նաւով մէկ ժամ հեռու, Հալքիի աստուածաբանական դպրոցը ԺԹ դարու վանական հսկայ կառոյց մըն է, կարմիր կղմինտրէ կտուրով: Հիմնուած 1844ին, ուղղափառութեան մեծաւորներ պատրաստելու համար, հաստատութիւնը գործած է 127 տարի, փակուելէ առաջ 1971 յեղաշրջումէն ետք: Բայց յարակարծութիւն մը (paradoxe). մէկ կողմէ Անգարա կը պահանջէ, որ տիեզերական Պատրիարքը ըլլայ Թուրքիոյ յոյներէն, միւս կողմէ թոյլ չի տար, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական հաստատութիւն մը նուիրուած ըլլայ ուղղափառ աստուածաբանութեան ուսուցման» (էջ 78): Հակառակ Պրիւքսէլի եւ պատրիարք Պարթոլէոմոյի դիմումներուն, այդ ուսումնարանը փակ կը մնայ:

Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անոր որ Ալեւիները կը պատկանին իսլամական կրօնին, կը հալածուին, մանաւանդ, նոյնացուելով Սուրիոյ ալեւիներուն հետ:

Գլուխ 14. Գորշ Գայլերը. ծայրայեղ ազգայնականներ. այս Եւրոպան որ մեզ կը նուաստացնէ: «Այսօր, թուրք ծայրայեղ ազգայնականները բաւականաչափ ներկայ են ոստիկանութեան մէջ: Անոնք կ’արտայայտեն, առանց հակակշռի եւ բրտութեամբ, զգայնութիւնը հպարտ ժողովուրդի մը, յետնորդները օսմանեան կայսրութեան, բայց նաեւ Հոներու, Կեդրոնական Ասիոյ թուրքերուն, Էրկենեքոնի, Օրխոնի, Մոնկոլիոյ եւ տափաստաններու, պարզ՝ ամբողջ թրքութեան: Եւ միշտ ունին հոգեխոցը Կայսրութեան դար մը առաջ տեղի ունեցած անդամահատման» (էջ 90): Կ’ըսուի նաեւ, որ ամէն անգամ որ յիշուի Սեւրի դաշնագիրը եւ Եւրոպան պաշտպանէ քիւրտերը, բուռն կերպով կը հակազդեն:

Պոնզոն կը գրէ. «Եւ, 1915ի ջարդերու 90ամեակին առիթով, եւրոպացի կարգ մը պատասխանատուներ ցանկութիւն կը յայտնեն, որ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չափանիշ ըլլայ Թուրքիոյ (Եւրոմիութեան, Յ.Պ.) անդամակցութեան» (էջ 92): Շարունակութիւնը. Այս իսկական նուաստացում է: Ամբողջ թուրք ազգի պատմութեան մէջ աւելի վատ նուաստացում չէ եղած, ըստ ինծի, կը յայտարարէ երիտասարդութեան ուրիշ պատասխանատու մը, Մեդեհան Էօզքան, այս յայտարարութիւններուն եւ դիրքորոշումներուն Թուրքիոյ դէմ, մինչ Եուչէլ Չոշքուն կը պնդէ. Այս անտանելի է, որ Եւրոմիութիւնը մեզի վերաբերի որպէս երկրորդ դասի քաքաքացիներ, ինչպէս Երրորդ Աշխարհի երկրի մը:

Պոնզոն երկարօրէն կը խօսի արմատական ձախերու պայքարին եւ հալածանքներուն մասին: Բանտարկեալ քիւրտ կնոջ մը պատմածը. «Սարսափելի բաներ ապրած եմ բանտին մէջ: Երբ դէպք մը պատահէր, ծեծի կ’ենթարկուէինք: Իրենց ուզածը այն է, որ յոգնիս, կ’ուզեն որ հրաժարիս պայքարէն: Հարկ է որ հաւատաս քու արժէքներուդ: Այդ է որ քեզի ուժ կու տայ եւ կ’օգնէ որ դիմանաս» (էջ 94):

Կրօնքը միջոց է իշխելու: Ա. Պոնզոն կը խօսի կրօնից տեսչութեան (Տինայէթ) գործելաոճի մասին. «Տինայէթն է, կրօնական հարցերու նախագահութիւնը, որ ամէն ուրբաթ կը յայտնէ իմամներուն ինչ որ պիտի ըսեն միմպարէն» (էջ 101): Միմպարը ամպիոնն է ուրկէ կը խօսի կրօնաւորը:

Գլուխ 17. Խորագիր. «Սուրին մնացորդացը». թաքուն Հայերը»: Պոնզոն կը խօսի Ֆեդհիյէ Չեթինի մեծ մօր Հրանուշ Կատարեանի մասին: Կը նկարագրէ գաղթը դէպի մահ: Ինն տարեկան Հրանուշ կը փրկուի առեւանգուելով անզաւակ յիսնապետ Հիւսէյնի կողմէ, բայց անոր կեանքը արմատապէս կը փոխուի:  Կը մէջբերէ Ֆ. Չեթինը. «Անոր կու տան նոր անուն մը. Շէհէր: Ան կը մոռնայ իր կրօնը եւ լեզուն դառնալու համար պզտիկ մահմետական մը: Տասնըհինգ տարեկանին զայն կ’ամուսնացնեն մեծ հօրս հետ» (էջ 105): Մարդու իրաւունքի պաշտպան Ֆեթհիյէ Չեթին այս պատմութիւնը լսած է իր մեծ մօրմէն եւ ցնցուած: «Նախ ընդվզեցայ,- կը գրէ ան: Քանի որ մեզի սուտ խօսած էին: Եւ ուզեցի դուրս ելլել, փողոցին մէջ պոռալ: Պետութիւնը այս մասին մեզի ոչինչ պատմած էր: Կ’ապրէինք այնպէս, որ կարծէք պատմութեան այդ էջը եղած չըլլար» (էջ 105-106): Ֆ. Չեթին գրած է գիրք իր մեծ մօր մասին:

Պոնզոն կը գրէ. «Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր, բազմաթիւ թուրքեր կը յայտնաբերեն, որ հայկական արմատներ ունին: Կը տեղեկանան, որ իրենց ընտանիքը, զոր հաստատապէս գիտէին թուրք եւ մահմետական, ունէր քրիստոնեայ նախնի մը, ցեղասպանութենէ ճողոպրած, որ ստիպուած եղած է իսլամանալու կարենալ ապրելու համար: Բայց ահա, յանկարծ, այս յայտնաբերման դիմաց, հակառակ իրենց կամքին, Հայեր»:…. «Այս թուրքերուն թոյլ տալ իրենց հայկական արմատները վերագտնել, այս էր իսկապէս յաճախանքը հայ լրագրող Հրանդ Տինքի, սպաննուած յունուար 2007ին, քանի որ խախտած էր թրքական ինքնութեան առասպելը: Թրքահայկական Ակօս թերթի աշխատակազմը այսօր կը շարունակէ իր հիմնադիրին աշխատանքը, եւ կը հրատարակէ կոչերը անոնց, որոնք կասկածներ ունին եւ կ’ուզեն գիտնալ իրենց պատմութիւնը: Հոն, անձ մը գտած է, որ իր մեծ հայրը հայ էր: Կը փնտռէ հեռաւոր զարմիկներ, որոնք թերեւս կ’ապրին Սփիւռքի մէջ, Լիբանան կամ Միացեալ Նահանգներ: Ահա թէ ինչու ան մեր թերթով կը հրատարակէ ծանուցում մը, կը բացատրէ լրագրող Մարգար Եսայեան, իր մատը դնելով էջյատակի կոչերէն մէկուն վրայ» (էջ 106): … «Եւ յետոյ կան անոնք որոնք գիտեն որ հայ են, բայց այդ կը պահեն իրենց հարեւանէն: Կը ճանչնամ շատ մը հայեր, որոնք կ’ապրին գիւղերու մէջ, ուր իրենց ընտանիքները իսլամացած են ընդունելի ըլլալու համար», կը շարունակէ արհեստաւոր մը: Ձեւով մը թաքուն հայեր: Բայց եթէ գաղթեն Իսթանպուլ, իրենք զիրենք աւելի ազատ կը զգան եւ կ’ուզեն վերագտնել իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը: Ուստի անոնք վերստին հայ կ’ըլլան (էջ 107):

Կը նկարագրուին յատուկ պարագաներ:

«Այն օրէն որ Սատիք Իսթանպուլ կը բնակի, տէր է իր հայկական ինքնութեան: Ան վերջապէս առաջին անգամ ոտքը դրած է հայկական եկեղեցի մը: Եւ գացած է Հայաստան հայ կին մը գտնելու համար: Կնոջս հոն հանդիպեցայ եւ հոն ամուսնացայ: Հայկական անուն մը տուինք մեր զաւակին: Ան կը կոչուի Քիստափոր: Ան կը յաճախէ մասնաւոր վարժարան մը ուր հայերէն եւ թրքերէն կը խօսի: Հիմա հայերէն կը սորվիմ շնորհիւ զաւակիս, կը ճշդէ ան» (էջ 109):

Գլուխ 18. Ա. Պոնզոն կը խօսի Վարլիք Վերկիսի կոչուած 1942ի եկամտահարկի մասին, որ միաձայնութեամբ ընդունուած էր Ազգային ժողովին կողմէ, եւ ուղղուած էր ոչ-մահմետականներու դէմ, որուն համար, օրուան վարչապետը, Շուքրու Սարաճօղլու յայտարարած է. «Բացառիկ պատեհութիւն մը կը ներկայանայ ձեռք բերելու համար մեր տնտեսական անկախութիւնը: Այս ձեւով պիտի կարենանք ոչնչացնել օտարները, որոնք շուկային տէր են, եւ զայն պիտի տանք թուրքերուն» (էջ 113):  Եւ օրէնքին գինը կը վճարեն հրեան, յոյնը եւ հայը:

Քաղաքակիրթ աշխարհին կը մնայ դատել, եթէ շահախնդրութիւններով եւ սոսկ զբօսաշրջութեամբ չէ կուրացած:

Ներկայի Ռ. Էրտողանի հակահրեայ քաղաքականութեան մասին կը գրէ. «Երբ կառավարութեան փառասիրութիւնը եղաւ արաբ-մահմետական աշխարհին ինքզինք պարտադրել, Էրտողան իւրացուց եւ շարուանկեց Միլլի Կիւրիշի հակասեմականութիւնը միախառնելով Թուրքիոյ եւ աշխարհի հրեաները Իսրայէլացիներու հետ» (էջ 117): Եւ Ա. Պոզոն կը յիշէ պետական անձերու անուններ, որոնք հակասեմական արտայայտութիւններ ունեցած են: 2013ին 8000 հրեաներ հեռացած են Թուրքիայէն, մնացած են 17.000, որոնք իրենց գրպանին մէջ Իսրայէլ, Ամերիկա, կամ Սպանիա գաղթելու պատրաստ անցագիր ունին: Ընթերցողը կը հասկնայ, որ պետութիւնը կը ձգտի միատարրութիւն ստեղծել, այդ պատճառով գործած էր հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կը շարունակուի որպէս քաղաքականութիւն:

Առարկայական տուեալներով, ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէս Թուրքիան գացած է դէպի իսլամական-կրօնական պահպանողական ինքնակալութիւն, բանտարկելով եւ չէզոքացնելով ընդդիմութիւնը, նաեւ՝ դէպի Արեւմուտք նայող քեմալականները եւ անոնց յաջորդները: Կը գրէ. «Իսլամական-պահպանողականները իրենց առջեւ կը գտնեն մայրուղի մը, քաջալերուած Էրտողանի 24 նոյեմբեր 2014–ի յայտարարութիւններով, ըստ որոնց այր եւ կին հաւասար չեն եւ պէտք է որ ունենան երեք զաւակ: Այս խօսքերը, ըսուած իր աղջկան կողմէ հիմնուած Կանայք եւ Ժողովրդավարութիւն Միութեան (KADEM) միութեան առջեւ, չեն հիմնուիր իրաւական անհաւասարութեան վրայ, այլ ենթադրեալ բնական անհաւասարութեան» (էջ 149-150):

Ռ. Էրտողան կայսերական վերաբերում ունի արաբական-իսլամական աշխարհին նկատմամբ, կ’ըլլան յաճախակի միջամտութիւններ: 2012–ին, տուն կանչեց իր Գահիրէի դեսպանը, յունուար 2016–ին, կառավարութիւնը տեղ տուաւ Իսլամ Եղբայրներու Աքսորական Խորհրդարանին, իր յարաբերութիւնները զօրավար Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ զգալապէս վատացան: Բայց Թուրքիան Եգիպտոսի չորրորդ առեւտրական գործընկերն է, եւ փետրուար 2017–ին, չորս տարուան դադարէ ետք, թուրք-եգիպտական համաժողովը գումարուած է Գահիրէի մէջ» (էջ 169):

Ռ. Էրտողանի կառավարութիւնը կանանց իրաւունքներու ձեռքբերման գծով ետդարձ է: Կը կարդանք. «2011-էն ի վեր, Կանանց նախարարութիւնը վերակոչուած է Ընտանիքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն: Յաջորդ օրուան դեղահատը այլեւս չի տրուիր առանց դեղատոմսի, ինչ որ անոր գործածութիւնը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ պզտիկ քաղաքներու մէջ, ուր բժիշկի մը դիմել բարդ է, նոյնիսկ անկարելի, մանաւանդ եթէ ան խորհրդապահական պիտի ըլլայ: Ընտանեկան խորհրդատուական գրասենեակներու մեծ մասը փակուած է: 2012–ին, Էրտողան վիժեցումը բաղդատած է ոճիրի մը: Ան օրինական է 1983-էն ի վեր, բայց Արդարութեան եւ Զարգացման կուսակցութիւնը կ’ուզէ արտօնութիւններու ստացումը խստացնել կարենալ այդ գրեթէ անկարելի դարձնելու համար» (էջ 172):

Պոնզոն կը գրէ Ֆէդհիւլլահ Կիւլէնի մասին, գլուխ 29, խորագիր՝ Պետութիւն Պետութեան մէջ, որ 1990-էն վերջ տարածուած է նաեւ երկրէն դուրս: Միտքը նոյնն է. «Աւելի դպրոցներ կառուցել քան մզկիթներ», որոնց թիւը, տարբեր երկիրներու մէջ, 500-է աւելի է (էջ 175): Կիւլէնականներ կը գործակցին Էրտողանի, հալածուելէ եւ լուծարքի ենթարկուելէ առաջ: Էրտողանի դաշնակից Կիւլէնականներ, յեղաշրջում կատարելու ամբաստանութեամբ չէզոքացուեցան, եւ իսլամ-ազգայնական-պահպանողական Էրտողան միահեծան կ’իշխէ, բանտարկելով, խօսքի ազատութիւնը վերացնելով, նպատակ ունենալով օսմանի կայսրութիւնը վերականգնել՝ որպէս խալիֆայութիւն, ընդդէմ Արեւմուտքի եւ անոր դաւանած արժէքներուն:

Գիրքի 30րդ գլուխը կ’անդրադառնայ AKPի եւ ՏԱՀԷՇի մէկ քայլ առաջ մէկ քայլ ետի յարաբերութիւններուն: 31րդ գլխուն տակ Ա. Պոնզոն կը բացատրէ Թուրքիոյ պղտոր խաղը ՏԱՀԷՇի հետ:  Կը կարդանք. «Իսլամական Պետութիւնը Անգարայի աչքին երկու առաւելութիւն ունի. ան Պաշար էլ-Ասատի հակադրուող ուժ մըն է,- որուն վերացումը թուրք կառավարութեան համար առաջնութիւն կը ներկայացնէ,- եւ ան կ’ուղղուի Սուրիոյ քիւրտերու Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան դէմ (PYD, PKKի եղբայր կազմակերպութիւն),- այլ առաջնութիւն մը,- որուն ընթացքը դէպի ինքնավարութիւն կ’ուզէ կասեցնել, վախնալով, որ ան կ’ըլլայ թիկունքի խարիսխ PKKին քիւրտերուն, որոնք 1984-էն ի վեր կռիւ կը մղեն թուրք իշխանութեան դէմ: Այս կը բացատրէ, որ 2012-էն ի վեր Թուրքիա օժանդակած է Իսլամական Պետութեան յառաջընթացին, աչք գոցելով հազարաւոր ճիհատական թեկնածուներու իր տարածքով Սուրիա անցքին: (էջ 186-187, ընդգծ. Յ.Պ): Ամբողջ գլուխը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ թուրքերու բազմաթել կապերը ՏԱՀԷՇի հետ: 2014-ին Թուրքիան ՏԱՀԷՇը կը յայտարարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Թուրք մտաւորականութիւնը, երկրին մէջ թէ դուրս, սկիզբը յուսացած էր, որ Էրտողան եւ AKP կ’ըլլան ժողովրդավարական ուժ, իսլամական երանգով (էջ 192), մանաւանդ անոր համար, որ անոնք կը վախնային իսլամ պահպանողականներէն եւ բանակէն (էջ 193): Մտաւորականութիւնը խաբուած է խորհելով, որ AKP կուսակցութիւնը պիտի բարեփոխէր համակարգը, բայց ան իւրացուցած է գաղափարաբանական մեքենան, ինչպէս կ’ըսէ մտաւորական մը, Աքկէօնիւլ (էջ 199):

Նոյն միամիտ հաւատքը ունեցած է հայ հասարակութեան ծանօթ դէմք Ռաքիբ Զարաքոլուն, որ յետոյ ըսած է, թէ «Էրտողանը փոխուած է եւ ոչ ես», որ 2008–ին «դատապարտուած է տուգանքի, զօրակցած ըլլալու համար հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, յետոյ 2011-2012–ին բանտարկուած՝ ապակեդրոնացման եւ քիւրտերուն համար ինքնավարութեան հարցերով իր յանձնառութեան համար» (էջ 199): Այդ մտաւորականները հիմա կամ բանտարկուած են կամ կ’ապրին աքսորի մէջ:

Ա. Պոնզոն ուշագրաւ էջ մը ունի ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութեան մասին: ԵՄը հսկայական գումարներ կը յատկացնէ, շատ ալ որոշ չէ թէ ինչո՞ւ, ԵՄեան քաղաքացիներու տուրքերը ինչո՞ւ յումպէտս կը վատնուին: Կը գրէ.

«Ուստի ինչո՞ւ, թուրք նախագահին դիմաց, անոր սպառնալիքներուն եւ ինքնակալական կեցուածքի շեշտաւորման, անոր չեն յիշեցներ միլիոնաւոր եւրոները զորս Պրիւքսէլ վճարած է եւ դեռ կը վճարէ Թուրքիոյ: Այս դրամական օժանդակութիւնը միթէ՞ անհասկնալի հակասութիւն մը չէ (paradoxe): Արդարեւ, ան գրեթէ անփոփոխ մնաց, նոյնիսկ երբ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները կը գտնուին յառաջացած մահաքունի (coma) վիճակին մէջ, ըստ համալսարանական Սոլի Էօզալի տարազումին: Այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ Թուրքիոյ լիիրաւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան: Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիւպէր Վետրին բացորոշ կերպով այդ կ’ըսէ հիմա, բայց վճարումները կը շարունակուին:… Ռէն-1 համալսարանի քաղաքագիտութեան մասնագէտ մը, Քլէր Վիզիէ, փորձած է հասկնալ այս հակասութիւնը: Զարմացնող է ինչ որ յայտնաբերած իր ուսումնասիրութեամբ. Եւրոմիութեան Թուրքիոյ կատարած օժանդակութիւնը ունի իր իւրայատուկ տրամաբանութիւնը: Ան ամբողջովին անկախ է քաղաքականութենէ, բոլորովին անջատ՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններէն: Ես իրապէս զարմացած եմ գտնելով իրարու դիմաց երկու փակ աշխարհներ. դրամական համագործակցութիւնը եւ դիւանագիտական բանակցութիւնները: Անոնք իրարու հետ չեն խօսիր: Թուրք գործիչները, ինչպէս եւրոպացի, պատասխանատու կամ աշխատողներ եւրոպական յատկացումներով ծրագիրներու համար, չեն գիտեր անգամ թէ ո՞ր գլխուն տակ բացուած են բանակցութիւնները եւ չեն գիտեր անոնց քաղաքական չափանիշները, կը բացատրէ Քլէր Վիզիէ: …Թուրքիան իր բարեկարգումներուն մէջ, յառաջդիմէ թէ ոչ, դրամ կը ստանայ: Կ’եզրակացնէ, որ այդ գումարները չեն ծառայեր իրենց նպատակին եւ կը զօրացնեն իսլամ-պահպանողական ինքնակալական իշխանութիւնը: (էջ 224-226)

Կրնանք եզրակացնել թուրք Սահմանադրական օրէնքի մասնագէտ Իպրահիմ Գապաքօղլուի հետեւեալ հարցադրումով, թէ Թուրքիան այսուհետեւ ժողովրդավարակա՞ն է, մենատիրակա՞ն, թէ ֆաշական, այսինքն՝ մենիշխանական:

Այս գիրքին իմաստութիւնը կը յուշէ, մտածելու՝ թէ ժողովուրդները դեռ ատա՞կ են մարդկայնութեան, զբօսէն տարբեր իրաւ հիւմանիզմի, զգացումներու խորութեան: Մենք մեզմէ դո՞ւրս բանտարկուած ենք եւ այդ վիճակէն ալ գո՞հ ենք:

Հայուն, յոյնին, քիւրտին, ասորիին եւ ալեւիին անցեալը եւ ներկան լուսաւորող այս գիրքը կարդալ, թարգմանել եւ տարածել:

Ինչո՞ւ Արիան Պոնզոնը չհրաւիրել, որպէսզի ան տեղական եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնէ, ինչպէս կ’ըսէին իրապաշտ գրողները, Թուրքիան ինչպէս որ էր եւ ինչպէս որ է: