Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար` լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն:

Վեհափառ հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը` վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով:

Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Հայ մամուլի Համահայկական համաժողովէն բխած առաջադրանքները իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ: Տնօրէնները զեկուցեցին տարբեր լրատուամիջոցներու հետ կայացած խորհրդակցական հանդիպումներուն մասին: Գոյացած է արդէն ընդհանուր համաձայնութիւն` համաժողովները հերթականութեամբ գումարելու անհրաժեշտութեան շուրջ:

Համաժողովէն բխած համակարգող խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մէջ, 2020-ի Փետրուարին: Խորհուրդին մէջ ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն ու սփիւռքէն հետեւեալ մամլոյ պատասխանատուները.-

– Արամ Անանեան, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն
– Սաթիկ Սէյրանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ
– Տիգրան Յարութիւնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ
– Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն
– Սեւակ Յակոբեան, «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն
– Անի Եփրեմեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն
– Միքայէլ Հաճեան, Արցախի հանրային ռատիոյի աւագ վերլուծաբան

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով մամլոյ համահայկական դաշտի ձեւաւորման միտող այս նախաձեռնութիւնները` շեշտեց մամուլին դերակատարութիւնը հայկական հասարակական դաշտը բեւեռացումներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ կառուցողական մօտեցումներով համահայկական օրակարգերը համախումբ ձեւերով քննարկելու եւ հիմնահարցերու լուծման ուղիներ գտնելով միասին աշխատելու հրամայականը: