Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելեց

Հայաստան

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրուան առիթով՝ Հայաստանի բաձրագոյն ղեկավարութիւնը, Դեկտեմբեր 9-ին, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ծաղիկներ խոնարհեցին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Նշենք, որ 2015 Սեպտեմբեր 11-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի 69-րդ նստաշրջանին ընթացքին միաձայն ընդունուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 69/323 բանաձեւը, որմով հռչակուած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան ու այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օր: Նախաձեռնութիւնը կը բխի ս.թ. Մարտ 27-ին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ միաձայն ընդունուած բանաձեւին դրոյթներէն: Սոյն բանաձեւերը կ՝ընդգծեն ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման անհրաժեշտութիւնը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի կանխարգելման գործին մէջ։ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը ընդունուած է 1948 Դեկտեմբեր 9-ին։ Յիշեալ բանաձեւերը եւ միջազգային օրուան բարձրաստիճան ձեռնարկները կու գան լրացնելու Հայաստանի շարունակական ջանքերը` խթանելու ու համախմբելու ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ ուղղուած միջազգային գործողութիւնները: