Յուշամատեանը Աթէնքի մէջ՝ հայու արմատներու որոնումով

Սփիւռք

Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի՝ 1 ­Դեկ­տեմ­բեր Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ հան­րա­ծա­նօթ ­Յու­շա­մա­տեան միու­թեան գի­տաշ­խա­տող­նե­րու խում­բը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեա­նի։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ կազ­մո­ւած ­Յու­շա­մա­տեա­նը, ճամ­բայ ե­լած է լու­սան­կա­րե­լու եւ ի մի հա­ւա­քե­լու հա­մար Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան շրջա­նէն ժա­ռան­գու­թիւն մնա­ցած հա­յե­րու ազ­գագ­րա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, հա­մայն­քա­յին, մշա­կու­թա­յին, առտ­նին, անձ­նա­կան եւ ա­ռօ­րեայ կեան­քի բո­լոր նմոյշ­նե­րը, ի­րե­րը եւ յու­շե­րը, ո­րոնք պա­հո­ւած կը մնան ըն­տա­նիք­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մօտ։

«Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» հայ մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան միու­թեան ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ 4 աշ­խա­տա­նոց­նե­րու եւ զե­կու­ցա­կան ե­րե­կո­նե­րու շարք մը, ո­րոնց ըն­թաց­քին ժո­ղո­վուր­դի ար­ձա­գան­գը եւ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ա­ւե­լիով գո­հա­ցուց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը եւ ­Յու­շա­մա­տեա­նի խում­բը։

Հա­ւաք­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, նախ եր­կու շա­րու­նա­կա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, ո­րոնց ըն­թաց­քին ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան պատ­շաճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց ­Յու­շա­մա­տեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը եւ բարձր ո­րա­կի ու հա­րուստ պա­րու­նա­կու­թեամբ կայ­քէ­ջը, որ մատ­չե­լի է բո­լոր հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն հա­մար եւ ցոյց կու տայ այն հսկա­յա­կան եւ կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քը, որ կա­տա­րո­ւած է ­Յու­շա­մա­տեա­նի գի­տաշ­խա­տող­նե­րուն կող­մէ։ Եր­կու հրա­պա­րա­կա­յին հա­ւաք­նե­րուն նե­րա­ծա­կան խօս­քով հան­դէս ե­կան ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան եւ ­Գո­ւին ­Մի­նա­սեան։

Յա­ջոր­դա­կան եր­կու աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ըն­թաց­քին, ա­ւե­լի քան 40 հայ­րե­նա­կից­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ «Ար­մե­նի­քա»ի կո­չին ու ­Յու­շա­մա­տեա­նի տրա­մադ­րու­թեան տակ դրին մեծ թի­ւով ար­ժէ­քա­ւոր յուշ-ի­րեր, ո­րոնք Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Փոքր Ա­սիոյ քա­ղաք­նե­րէն ու գիւ­ղե­րէն փրկո­ւած՝ ժա­ռանգ մնա­ցած էին ի­րենց նախ­նի­նե­րէն եւ ըն­տա­նե­կան հա­րա­զատ­նե­րէն։ Ար­դիւն­քը ա­ւե­լիով գո­հա­ցուց ­Յու­շա­մա­տեա­նի գի­տաշ­խա­տող­նե­րը, որ ի­րենց Ա­թէնք ա­ցե­լու­թեամբ կա­րո­ղա­ցան ձեռք բե­րել մեծ թի­ւով իւ­րա­յա­տուկ եւ բարձր ար­ժէք ու­նե­ցող ի­րեր եւ փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք բծախնդրու­թեամբ լու­սան­կա­րո­ւե­ցան եւ մաս պի­տի կազ­մեն ­Յու­շա­մա­տեա­նի ար­դէն հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յին։ Ն­շենք նաեւ, որ այս աշ­խա­տան­քին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ՝ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ սա­տա­րեց լու­սան­կա­րու­մի եւ պատ­ճէ­նա­հա­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Նաեւ, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեան:

Յու­շա­մա­տեա­նի խում­բը նաեւ այ­ցե­լեց ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղե­ցին եւ լու­սան­կա­րեց ­Կէ­լի­պո­լի «Ս. ­Թո­րոս» ե­կե­ղե­ցիէն փրկո­ւած պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան սպաս­նե­րը։

­Յու­շա­մա­տեա­նի աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ա­ւար­տին, «Ա­զատ Օր» զրոյց մը ու­նե­ցաւ ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեա­նին հետ, որ իր խոր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ե­ղած աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Ան ի մի­ջի այ­լոց ըսաւ.-

«Եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող աշ­խա­տա­նո­ցը ­Յու­շա­մա­տեա­նի մին­չեւ այ­սօր կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկ­նե­րէն ա­մէ­նէն յա­ջող­նե­րէն, ին­չու չէ նաեւ՝ ա­մէ­նէն յա­ջողն էր։ Այն­քան հա­րուստ էին հա­ւա­քո­ւած նիւ­թե­րը, թէ՛ իբ­րեւ յի­շո­ղու­թեան ա­ռար­կա­ներ եւ թէ՛ իբ­րեւ ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ։ Ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րու հետ այս հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին եւ ա­նոնց ըն­տա­նե­կան վկա­յու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն այն­քան յստա­կօ­րէն կա­րե­լի է տես­նել, որ ­Յու­նաս­տա­նը գաղ­թա­կան հա­յու­թեան հա­մար ե­ղած է նոր սկիզ­բի մը ա­ռա­ջին կա­յա­նը, այն­պէս ինչ­պէս ­Հա­լէ­պը ե­ղած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան հա­մար։ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն բռնա­գաղ­թած տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նով ծայր կ­՚առ­նէ Ս­փիւռ­քեան կեան­քը։ ­Շա­տեր հե­տա­գա­յին ­Յու­նաս­տան չեն մնա­ցած, բայց ի­րենց հա­մար Ս­փիւռ­քի ա­ռա­ջին փու­լը, վե­րա­կանգ­նե­լու, խմբո­ւե­լու, նոր կեանք մը սկսե­լու ա­ռա­ջին կա­յա­նը ­Յու­նաս­տանն է։ Այս ի­մաս­տով ալ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ա­թէն­քը (վստա­հա­բար նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէն) մայր գա­ղութ կո­չո­ւե­լու ա­մէն պատ­ճառ ու­նի։

Յու­նաս­տան հաս­նող­նե­րը ե­թէ մեծ մա­սամբ ար­դի ­Թուր­քիոյ ա­րեւմ­տեան նա­հանգ­նե­րէն ըն­տա­նիք­նե­րու վե­րապ­րող ան­դամ­ներ ե­ղած են, բայց հոս կան նաեւ — ինչ­պէս նկա­տե­ցինք մեր աշ­խա­տա­նո­ցին ըն­թաց­քին — յատ­կա­պէս ­Կի­լի­կիոյ շրջա­նէն, ինչ­պէս նաեւ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րէն ե­կած հա­յեր։ Այս ի­մաս­տով ալ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը բազ­մա­շերտ է եւ հա­րուստ։

Հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­ւոյթ էր տես­նել նաեւ, թէ որ­քան վառ մնա­ցած է ըն­տա­նե­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը այ­սօ­րո­ւայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն մէջ։ ­Մեր զրու­ցա­կից­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս երկ­րորդ կամ եր­րորդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ էին։ Երբ կը վեր­յի­շէին ի­րենց ըն­տա­նի­քին ու­ղին՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն մին­չեւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին եր­կու-ե­րեք տաս­նա­մեա­կը, շա­տեր կը պատ­մէին այն­պի­սի յու­զու­մով, որ կար­ծէք դէպ­քե­րուն եւ դէմ­քե­րուն ժա­մա­նա­կա­կից­ներ ըլ­լա­յին։ Այս մթնո­լոր­տը կրնամ ը­սել իւ­րա­յա­տուկ է. հայ­կա­կան տար­բեր հա­մայնք­նե­րու մէջ այս­պի­սի բազ­մա­թիւ աշ­խա­տա­նոց­ներ վա­րած եմ, բայց ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հան­դի­պած եմ այս­քան մեծ թի­ւով մար­դոց ո­րոնք սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած են ի­րենց նախ­նի­նե­րու յի­շո­ղու­թեան։ Այս մէ­կը ան­շուշտ գործս ալ կը դիւ­րաց­նէր, քա­նի որ կը բա­ւէր որ ճիշդ հար­ցում­նե­րը հարց­նէի, ան­կէ ետք զրու­ցա­կից­ներս ա­մէն ինչ կը պատ­մէին, թէ՛ ի­րենց ըն­տա­նի­քին ման­րա­պատ­մու­թեան մա­սին եւ թէ ի­րենց տու­նե­րուն մէջ պա­հո­ւող յի­շո­ղու­թեան ա­ռար­կա­նե­րուն մա­սին։

Յոյ­սով եմ որ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին կը կրկնենք այս­պի­սի ձեռ­նարկ մը Ա­թէն­քի մէջ եւ կը կազ­մա­կեր­պենք աշ­խա­տա­նոց մը այս ան­գամ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ ­Հի­մա ար­դէն, Ա­թէն­քի մէջ ու­նինք գոր­ծըն­կեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ՝ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թը եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ը, ո­րոնց գո­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը դիւ­րաց­նէ մեր գոր­ծը։ Ա­թէն­քի մեր աշ­խա­տա­նո­ցը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ եր­կու կա­ռոյց­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցա­բար. հա­մո­զո­ւած եմ որ աշ­խա­տա­նո­ցին յա­ջո­ղու­թեան բուն պատ­ճառ­նե­րէն մէկն ալ այս­պի­սի աշ­խուժ գոր­ծըն­կեր­ներ ու­նե­նալն էր»։