Անորոշութիւն․․․ Պրաթիսլաւայէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

«Թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»։

Մ․Ա․Կ․-ի միջազգային հարցերու փորձագէտ դոկտ․ Ալֆրէտ Տը Զայաս

ԵԱՀԿ-ի 26-րդ համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 4-ին, նախագահող երկիր՝ Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ, առիթ ստեղծեց, որ նախքան համաժողովը, տեղի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Էլմար Մամետիարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի միջեւ հանդիպումը։

Աւարտող տարուան ընթացքին, սեղմ հանդիպումներու շարքին հինգերորդն էր, որ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ տեսակցութիւններու կողքին։

Այս հանդիպումներու լոյսին տակ եւ յատկապէս երեքուկէս ժամ տեւած Մամետիարովի հետ «դէմ առ դէմ»-էն ետք, նախարարական համաժողովին ելոյթ ունենալով, Մնացականեան ինքնավստահօրէն եւ հաստատ բացատրողականներով ներկայացուց Արցախեան հիմնահարցին իրավիճակը։

Քանի մը կէտերու շուրջ կեդրոնանանլով, Մնացականեան շեշտեց, թէ Արցախի խաղաղ կարգաւորման առանցքային խնդիրներուն վերաբերեալ, յստակ է Հայաստանի դիրքորոշումը, շարունակ նշելով, թէ ամէն գնով պէտք է հեռու մնալ հակամարտութենէն։

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարը, յայտնեց, թէ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ենթակայ չէ զիջման։

Հոս տեղին է աւելցնել, թէ ինքնորոշման իրաւունքի կրողներ են մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնք ոչ միայն պարտին խոչընդոտ չստեղծել եւ շրջանցել այդ իրաւունքի կիրարկումը, այլ նաեւ աշխուժօրէն նպաստել անոր իրականացման։ Դեռ աւելին, անոնք ոչ միայն պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը, այլ նաեւ իրականացնեն զայն: Աւելի՛ն, Ժողովուրդներու լիազօրութիւնը խիստ կարեւոր է թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային կայունութեան համար, առանց խտրականութեան օգտուելու մարդկային իրաւունքներէ իրականացնելու համար որոշ աստիճանի ինքնիշխանութիւն։

Յաւելեալ ենթաբաժանումներով եւ բացատրութիւններով, Մ․Ա․Կ․-ի ժամանակակից միջազգային օրէնքին մէջ նշուած է, թէ ինքնորոշումը բոլորին նկատմամբ պարտաւորութիւն է։

Մնացականեան շեշտեց, թէ Արցախի վերջնական կարգավիճակին որոշումը չի կրնար ենթարկուիլ որեւէ սահմանափակման, որ պէտք է յստակօրէն եւ միանշանակօրէն ընդունուի: Հոս տեղին է աւելցնել, թէ նաեւ կարելի չէ խտրականութիւն ցոյց տալ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդներու միջեւ: 90-ականներուն, նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ ժողովուրդներու անջատումը կարեւոր նախադէպեր  ստեղծեցին ինքնորոշման իրագործման համար: Կարելի չէ լուսանցքի տակ առնել եւ անտեսել այսպիսի նախադէպեր, որոնք առաջնահերթ կը նկատուին ժամանակակից ինքնորոշման առնչութեամբ ծագող վէճերու պարագային: Այս բոլոր անիրաւուած եւ ճնշումի տակ գտնուող ժողովուրդները ունին մարդկային նոյն իրաւունքները եւ պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուին:

Ընդհանրապէս որեւէ արդարացում չկայ եւ ոչ ալ խորընդոտ, այս ժողովուրդներու հռչակած անկախութիւնը  մերժելու` ընտրողաբար կիրարկելով ինքնորոշման իրաւունքը եւ կատարելով մակերեսային եւ երեւակայական զատորոշումներ, որոնք անարդար եւ ապօրինի են։

Յիշատակելի օրինակ է Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակումը, դրացի տարածաշրջաններ այցելելով, անշուշտ այս բոլորը, խուսափելով որեւէ ուժի կիրարկումէ, որ ինքնաբերաբար կը վտանգէ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ կը նսեմացնէ մարդկային իրաւունքներու հասկացողութիւնը։

Յամենայնդէպս տեղին է հարցադրել, թէ այդ երեքուկէս ժամուայ «դէմ առ դէմ»-ին ի՞նչ, կամ ինչե՞ր պատահեցան, մանաւանդ երբ նկատենք Մամետիարովի կրքոտ դէմքն ու արտայայտած վանողական խօսքերը։