Տիարպեքիրի Ս․ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Եւս Ընտրատեղամաս Բացուած է Կ․Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասնակից Պատուիրակները Ընտրելու Համար

Էրկիր, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 11-ին նախատեսուող Կ․Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքը ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Դեկտեմբեր 8-ին Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւս ընտրատեղամաս բացուած է:

Akunq.net-ի յատուկ թղթակից Կարօտ Սասունեան Տիարպեքիրէն կը գրէ․

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան նպատակով երէկ աշխարհական պատուիրակներու ընտրութիւն կատարուեցաւ: Թուրքիան բաժանուեցաւ 4 շրջանի, ուր ընտրատեղամասեր բացուեցան` պատուիրակները ընտրելու համար: Մասնաւորապէս ընտրատեղամասեր բացուած են Թուրքիոյ այն շրջաններու մէջ, ուր հայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն` Պոլսոյ, Քայսերիի (Կեսարիա), Վաքըֆլը գիւղին մէջ (Իսքենտերուն (Ալեքսանդրեթ) / Հաթայ) եւ Տիարպեքիրի:

2015-ին Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցան ընդհարումներ, որոնք ամիսներ տեւեցին: Այդ բախումները կեդրոնացան յատկապէս Տիարպեքիրի Սուր շրջանին ենթակայ հին հայկական թաղամասին` Կեաւուր թաղին մէջ: Ընդհարումներու ժամանակ հրասայլերու եւ թնդանօթներու հարուածներէն տուժեցին 4000 դպրոց, տուն, եկեղեցի, մզկիթ, բաղնիք եւ աշխատավայր: Մեծապէս վնասուած կառոյցներուն մէջ էին նաեւ տեղի հայկական եկեղեցիները: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երկու երրորդը փլաւ: Աւերուած եկեղեցիներուն մէջ էր աւետարանական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցին (ներկայիս Քուրշունլու մզկիթը): Այդ եկեղեցիներու շարքին էր նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Հայ կաթողիկէ եւ աւետարականակ եկեղեցիները վերականգնուեցան թրքական պետութեան կողմէ: Սկիզբ առած է նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումը: Թրքական պետութիւնը պետականացուց այդ թաղամասին մէջ գտնուող շինութիւնները:

Գրեթէ 4 տարի փակ եղած Սուրբ Կիրակոսը այսօր (Դեկտեմբեր 8-ին) մէկ օրով բացուեցաւ` Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, պատրիարքը ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնը կատարելու հնարաւորութիւն ունենալու համար: Այդ պատճառով ընտրատեղամաս բացուեցաւ Սուրբ Կիրակոսի մէջ, ուր կրցան մուտք գործել այն սակաւաթիւ հայերը միայն, որոնք իրաւունք ունէին մասնակցել ընտրութեան:

Ընտրութեան մասնակցեցան Էլազըղէն (Խարբերդ) 21, Մարտինի Տերիք գաւառէն 1, Սասունի եւ Տիարպեքիրի գաւառներէն 26 ընտրող, ինչպէս նաեւ` Պատրիարքութեան կողմէ նշանակուած 4 դիտորդ, ընդհանուր` 50 հոգի: Թէեւ նախապէս 52 հոգի արձանագրուած էր, սակայն Տիարպեքիրի 2 հայ բնակիչ ընտրութեան չմասնակցեցան:

Առաւօտեան ժամը 8-ին ընտրատեղամասը բացուեցաւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ գտնուող սենեակի մը մէջ: Ընտրութեան մասնակցողներուն մէջ էին նաեւ տիարպեքիրցի հայ յայտնի արուեստի գործիչներ Ուտի Երուանդը եւ Պետրի Այսելին: Քանի որ եկեղեցին վերանորոգման մէջ կը գտնուէր, հայ համայնքի անդամները իրարու հետ շփուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Ընտրութենէն ետք ընտրատեղամասի նախագահին եւ դիտորդներուն ներկայութեամբ ընտրատուփը բացուեցաւ: Ձայները հաշւուեցան: Տեղապահ Մաշալեանի համար որպէս պատուիրակ ներկայացած` Էլազըղի մէջ բնակուող Սարգիս Ութաշը 24 ձայն ստացաւ, իսկ Սրբազան Աթէշեանի համար որպէս պատուիրակ ներկայացած եւ երկար ժամանակ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ղեկավար խորհուրդին մէջ գտնուած Ապտուլգաֆուր Թիւրքայը` 26:

Այսպիսով, Թուրքիոյ 85-րդ Հայոց պատրիարքը Դեկտեմբերի 11-ին պիտի ընտրէ 17 հոգեւորականներէ եւ 103 աշխարհական պատուիրակներէ բաղկացած ընդհանուր 120 հոգի:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը