Մոլորեցնող Թղթակցութեան Մը Առիթով («Հայերի Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թթ․»)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԻՀՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ


«Ազդակ» օրաթերթի 19 Նոյեմբեր 2019-ի 7-րդ էջով կարդացինք ընդարձակ թղթակցութիւն մը` 8 եւ 9 Նոյեմբեր 2019-ին Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի կազմակերպած «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թթ․» վերնագրով միջազգային գիտաժողովին մասին, որ տեղի ունեցաւ յիշեալ հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին եւ Սուրբ Էջմիածնի Գարեգին Ա. կրթական կեդրոնին մէջ` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) նիւթական օժանդակութեամբ:

Գիտաժողովն ու ներկայացուած զեկուցումները ողջունելի էին մանաւանդ անոր համար, որ Ցեղասպանութեան շրջանին եւ անոր յաջորդող տարիներուն հայութեան փրկութեան գործին մասին ընդհանրապէս կը խօսուի` շեշտելով օտար կազմակերպութիւններու, միսիոնարներու, օտար պետութիւններու եւ անոնց դեսպաններու եւ հիւպատոսներու գործունէութիւնները: Երախտապարտ ու շնորհակալ ենք անշուշտ այդ բոլորին համար, մանաւանդ եթէ այդ ծառայութիւնները մատուցուած են զուտ մարդասիրական նպատակներով եւ չեն ուղեկցուած միսիոնարական յետին դիտաւորութիւններով։

Փաստը այն է, որ յաճախ մե՛ր կողմէ իսկ մոռացութեան տրուած է հայ անհատներու, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ծառայութեան բաժինը` հայերու փրկութեան գործին մէջ, եւ սոյն գիտաժողովը եկաւ լուսարձակի տակ առնելու հայո՛ւն նպաստը այդ նուիրական աշխատանքին: Եւ խիստ ցանկալի է, որ ներկայացուած զեկուցումները հրատարակուին հատորի տեսքով,  եւ մենք ունենանք հայո՛ւ ձեռքով հայո՛ւ փրկութեան գործին նուիրուած պատմավաւերագրական մնայուն ժողովածու մը:

«Ազդակ»-ի անանուն թղթակիցը ներկայացուած 22 զեկուցումներէն «ծաղկաքաղ» ընտրութեամբ անդրադարձած է միայն այն չորս զեկուցումներուն, որոնք կը վերաբերին հայ աւետարանական համայնքի գործունէութեան եւ մանրամասնութեամբ ներկայացուցած է զանոնք` յաճախ երկար մէջբերումներ ընելով անոնցմէ, միաժամանակ ամբողջութեամբ անտեսելով մնացեալ 18 զեկոյցներու եւ մանաւանդ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած զեկուցումները:

Թղթակիցին յիշած առաջին զեկուցումին վերնագիրն էր` «Վեր. Ահարոն Շիրաճեանի հայանպաստ գործունէութիւնը», երկրորդը` «Հալէպի հայկական որբանոցը 1915-1924 թուականներուն» (որ կրկին կ՛առնչուի Շիրաճեանի գործունէութեան), երրորդը նուիրուած էր Հայ աւետարանական համայնքին կողմէ հրատարակուած Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ» թերթի 1919-1923 թուականներու խմբագրականներուն, իսկ չորորդին վերնագիրն էր` «Բողոքականներու նպաստամատոյց գործունէութիւնը օսմանեան 4-րդ բանակի շրջանին 1915-1917 թուականներուն»: Չորս զեկուցումներու մանրամասն նկարագրութենէն ետք, թղթակիցը աւելցուցած է, որ` «Գիտաժողովի միւս մասնակիցները եւս ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուածներու ճակատագրերը, լուսաբանեցին հայկական եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու, անհատներու գործունէութիւնը®» եւ այլն: Այսքան միայն: Իսկ ո՞ւր մնացին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին ու անոր գործունէութեան անդրադարձող զեկուցումները` «Սուրբ Էջմիածնի Եղբայրական օգնութեան յանձնաժողովի գործունէութիւնը», «Որբանոցէն կաթողիկոսարան. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաստատումը Անթիլիաս», «Կ. Պոլսի պատրիարք Զաւէն Տէր Եղիայեանի ազգախնամ գործունէութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին», «Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն» եւ, վերջապէս,  «Երուսաղէմի Արարատեան եւ Վասպուրականի որբանոցները. վերակառուցման մոտել»-ը, որ մասամբ կ՛առնչուէր տեղւոյն հայոց պատրիարքարանի գործունէութեան: Թղթակիցը ինչո՞ւ պարկեշտութիւնը չէ ունեցած յիշելու, որ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողքին, կար ու կը գործէր նաեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին իր բոլոր կեդրոններով ու ներկայացուցիչներով:

Եթէ քիչ մը շեղինք թեմայէն ու փորձենք համեմատութիւն մը կատարել 1915-1923 թուականներուն երկու համայնքներու ծառայութեան չափին ու արդիւնքին մասին, ի՞նչ պիտի ստացուի արդեօք® Կարելի՞ է համեմատել մէկ կողմէ` Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ միւս կողմէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ` ի դէմս Սուրբ Էջմիածնի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքարաններու եւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի ազգանուէր գործուէութիւնը: Երբե՛ք: Անհերքելի իրողութիւն է, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծառայութիւնը անհամեմատելի կերպով տասնապատիկ աւելի մեծ էր միւսէն: Չենք ուրանար, որ Հայ աւետարանական եկեղեցին եւս ունեցած է իր գործի բաժինը, բայց®

Զեկուցումներու անտեսման կողքին կայ նաեւ աւելի ծիծաղելին. գիտաժողովին առընթեր, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ նոյն թեմայով ցուցահանդէսի մը, ուր 12 պաստառներով առանձին-առանձին ներկայացուած էին հայկական բոլոր այն հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն գործած էին հայերու փրկութեան գործին մէջ: Թղթակիցը անդրադառնալով այդ մէկուն` կ՛ըսէ. «Առանձին խորագիրներով ներկայացուած էին հայկական հոգեւոր կառոյցներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու` ՀԲԸՄ, Հայ ազգային միութեան, Եգիպտոսի հայ որբախնամի, Միջագետքի հայկական կազմակերպութիւններու, Հայկական կարմիր խաչի, հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ նուիրեալներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ապա` Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւններու իրականացուցած որբախնամ ձեռնարկումները»:

Թղթակիցը ամօ՞թ համարեց արդեօք իր ցանկին մէջ յիշատակելու նաեւ, որ ներկայացուած ցուցատախտակներուն երկրորդը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սուրբ Էջմիածնին, երրորդը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, չորրորդը` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան եւ ուրիշ մը` մասամբ Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Մարդասիրական ծառայութեան մէջ «մոռացում»-ը համազօր է ուրացումի: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ կարծելու, որ զանոնք չյիշատակելը սոսկ վրիպումի հետեւանք է, երբ անդին իր ցանկին մէջ տրուած են անունները այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնց նպաստը եղած է շատ աւելի համեստ, քան` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներունը, ինչպէս` Եգիպտոսի հայ որբախնամը, Միջագետքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ այլն:

Թղթակցութեան ընթերցումէն կը ստեղծուի այն թիւր տպաւորութիւնը, որ իբր թէ Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդած տարիներուն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին այնքան ալ չէ զբաղած իր ժողովուրդի աքսորական զաւակներուն փրկութեան գործով, եւ հայկական կարգ մը կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողքին, այդ բեռը իր վրայ վերցուցած է միա՛ն Հայ աւետարանական համայնքը իր պատուելիներով®

Տարիներ ամբողջ հայերու «փրկութեան» գործի ռահվիրաներ նկատած ենք օտար կազմակերպութիւններն ու անհատները, եւ հիմա երբ փորձը կը կատարուի սրբագրել այդ պատմական բացթողումը կամ թիւրիմացութիւնը, տարօրինակ հակասութեամբ ահա մենք զմեզ կը գտնենք այլ ծայրայեղութեան մը եւ այլ մոլորութեան մը առջեւ:

Չենք ուզեր խրատներ տալ «Անանուն» թղթակիցին, որ իր ընդարձակ լրատուութեան տակ հասկնալի պատճառներով քաջութիւնը չէ ունեցած դնելու իր ստորագրութիւնը: Յիշեցնենք միայն, որ թղթակցութիւն պատրաստելը ունի իր օրէնքները, զորս դիտաւորեալ կերպով խեղաթիւրելը նուազագոյն սահմանումով անպարկեշտութիւն է: