Ամանորի Տօնավաճառը Պիտի Բացուի Դեկտեմբեր 21-ին, Երեւանի 2750-ամեակի Այգիին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Սուրբծննդեան տօնավաճառը՝ Christmas market-ը, այս տարի Հիւսիսային պողոտայի փոխարէն պիտի գործէ  Երեւանի 2750-ամեակի այգիին մէջ :

Քաղաքապետարանէն կը պարզաբանեն, որ նախապէս կրպակները վարձակալուած են առանց մրցոյթի եւ առանց համայնքի նկատմամբ որեւէ պարտաւորութեան: Այս տարի առաջին անգամ տնակ-կրպակները վարձակալութեամբ պիտի տրամադրուին աճուրդով:

«Ձեւաչափի փոփոխութիւնը մեզի համար կարեւոր սկզբունք էր, քանի որ տօնավաճառը չէր կրնար միայն վաճառքի վայր ըլլալ: Անիկա պէտք է մաս կազմեր մեր ընդհանուր ձեռնարկներուն եւ ունենար մշակութային բաղադրիչ: Գրեթէ ամէն օր այս տարածքին մէջ տեղի պիտի ունենան  հետաքրքիր երաժշտութիւն, հայկական խոհանոցի համտեսի հնարաւորութիւն: Կը կարծեմ, քաղաքապետարանի այս ձեւաչափով տօնավաճառի կազմակերպումը նաեւ խրախուսելի է, որովհետեւ կը պահպանուի հաւասարութեան սկզբունքը: Աճուրդին կրնան մասնակցիլ բոլոր ցանկացողները: Իսկ Հիւսիսային պողոտային վրայ պիտի ըլլայ եղեւնիներու ցուցադրութիւն»,-կ՛ըսէ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեան:

2750-ամեայ այգիին մէջ` շատրուաններու երկու ուղղութեամբ երկարող ճեմուղիներուն վրայ, պիտի տեղակայուին տօնավաճառի 40 տնակ-կրպակները:

Տօնավաճառը պիտի գործէ Դեկտեմբեր 20-էն Յունուար 13: Պիտի վաճառուին Ամանորի եւ սուրբծննդեան թեմայով յուշանուէրներ, քաղցրեղէն, ըմպելիք:

Հանրապետութեան հրապարակի «Հեքիաթային քաղաք»-ի դռները պիտի բացուին Դեկտեմբեր 21-ին` գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառելու հետ միասին: