Թուրքիան Գործարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Կայք

Աշխարհ

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ պայքարի համար գործարկած է 1915.gov.tr կայքը: Անգլալեզու կայքին մէջ տեղ գտած են թրքական պաշտօնական քարոզչութեան սուտ ու անհիմ պնդումները` 20-րդ դարու սկիզբը օսմանեան իշխանութիւններու արիւնարբու գործողութիւններուն վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Կայքի առաջին էջին վրայ տեղ գտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը. «Այսօրուայ աշխարհի մէջ պատմութենէն թշնամութիւն ստեղծելը ու նոր վէճեր յառաջացնելը չի կրնար ընդունելի ըլլալ եւ չի բխիր մեր համատեղ ապագայի կառուցման տեսլականէն»:

Կայքին մէջ կան շարք մը նիւթեր, փաստաթուղթեր, որոնք բնագիրէն կտրուած են եւ նպատակ ունին ցուցադրելու, որ իբր հայերը ըմբոստացած են, կոտորած են թուրքերը, իսկ հայերու «արտաքսում»ը միակ լուծումն էր: Էրտողանի` Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ յայտարարութիւնները, նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ուղղուած նամակը տեղ գտած են կայքին մէջ։

Կայքին մէջ նաեւ կայ բաժին մը՝ յանուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման 1970-80-ականներու հայկական կազմակերպութիւններու գործողութիւններուն վերաբերեալ, իսկ այդ բաժինը վերնագրուած է «Armenian terror» (Հայկական ահաբեկչութիւն):