Հայաստանեան Տարբեր Կայքէջերու Մէջ Իրանահայ Համայնքի Մարդասիրական Օժանդակութիւններուն Վերաբերեալ Կեղծ Լուրերուն Ի Պատասխան. Հաղորդագրութիւն

Նկատի ունենալով այն փաստը, որ վերջին օրերուն ընթացքին, ոմանք միտումնաւոր նպատակներ հետապնդելով եւ համայնքին մէջ ազգ. իշխանութեան հանդէպ անվստահութիւն սերմանելու նպատակով, հասարակական ցանցերու եւ հայաստանեան տարբեր կայքէջերու մէջ անհիմն եւ […]

Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Հայ Գերիները Վերադարձնելու Գծով Յստակ Քայլեր Կը Պահանջեն

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Քոսթաս Մաւրիտեսի (Կիպրոս, Ընկերվարականներու եւ Դեմոկրատներու խմակցութիւն) նախաձեռնութեամբ, բոլոր հիմնական խմբակցութիւններէն 30 եւրոխորհրդարանականներ հրատապ հարցում յղեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին […]

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Առցանց Նուիրահաւաքը՝ Մայիս 16-ին

Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայութեան դիմագրաւած նորագոյն քաղաքական մարտահրաւէրները՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիս 16ին պիտի նախաձեռնէ […]

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 15 – զրուցապատում» Հատորը

Վրէժ-Արմէն առցանց հրապարակեց իր նոր հատորը՝ «Ոստայն 15 – Զրուցապատում», որ կը բաղկանայ աւելի քան կէս դարու ընթացքին իր ունեցած բազմաթիւ հարցազրոյցներէն ընտրուած փունջէ մը, թիւով 72, օրին հրատարակուած «Յուսաբեր»-ի, […]

«Թալէաթ Փաշայի Ահաբեկումը Նոր Տեսանկիւններէ» Նիւթով Քննարկում Լոս Անճելըսի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութեան (NAASR), Երկուշաբթի, 15 Մարտին, կ․ա․ ժամը 11էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը նոր տեսանկիւններէ․ 100 տարի ետք» նիւթով առցանց քննարկումը։ Յատկանշական է, որ ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ […]

Հայ Դատի «Շրջանային Դեսպան» Նախաձեռնութիւնը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է «Շրջանային Դեսպան» նորարար ծրագիրին՝ նպատակ ունենալով հայութեան քաղաքական ձայնը աւելի ազդու դարձնել, Արեւմտեան Ամերիկայի քոնկրեսական բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ, Հայ Դատը ջատագովող դեսպան մը նշանակելու միջոցաւ։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան կոչ կ՛ընէ՝ այս ծրագիրին միջոցաւ Հայ Դատը գործնականապէս ջատագովելու շրջանի հայերուն եւ հայութեան բարեկամներուն, որ այցելեն  կայքը եւ արձանագրուին, նկատի առնուելու համար շրջանային դեսպանի պաշտօնին։

Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ, 3 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին մէջ իր «Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել» գործէն մէջբերած է հետեւեալ հատուածը. «Մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն դիմաց Մեր […]

Շիրվանեան Ընտանիքը Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Գիւմրիի «Շիրվանեան» Կեդրոնին

Այս ամառ պիտի նշուի Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձը։ Կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ։ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայրի մը, կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը, նպաստելով Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման։ Նաեւ, «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ 2017ին մահացած Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզէն համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կը կատարէ: Կեդրոնը վերջին քանի մը ամիսներուն նաեւ Արցախի պատերազմէն վնասներ կրած անձերու աջակցելու ջանքերուն աշխոյժ վայրի մը վերածուեցաւ: «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին այս նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին շնորհիւ համայնքին եւ Շիրվանեան ընտանիքին շարունակուող նեցուկին։ Արդարեւ, Շիրվանեան ամոլի դուստրը՝ Ալիս Պետրոսեան, եւ անոր ամուսինը՝ Վահիկը, վերջերս 8000 տոլարի նուիրատուութեամբ մը ուռճացուցին կեդրոնին եւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ գումարները։ Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը Սեպտեմբերին յայտարարեց 2020-2021ի կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող 12 համալսարանական ուսանողներուն անունները, որոնցմէ երեքը անցեալ տարեշրջանին եւս կրթանպաստ ստացած էին, իսկ մնացեալը՝ առաջին անգամ ըլլալով: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն եւ միւս բոլոր նուիրատուներուն, այս նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու՝ իրենց ազգանուէր կեցուածքին համար։ 2020-2021ի կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներուն հովանաւորներն են․ Քարլօ եւ Ազնիւ Պոզողլեան Փիեռ եւ Քեթի Չրախճեան Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեան Շանթ եւ Թամար Պապուճեան 4211 Nogales Dr. հիմնարկը Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեան Արթօ Քէօլէեան Համբար եւ Կարինէ Մելքոնեան Օշին եւ Իրէն Փիրումեան […]

HAYTADOLOGY II Խտացեալ Դասընթացքը Աւարտեցաւ Յուսադրող Մթնոլորտի Մէջ

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Պսակաձեւ ժահրին պատճառով առցանց կազմակերպուած HAYTADOLOGY II Հայկական Ժամանակակից Հարցերու Խտացեալ Դասընթացքը տեղի ունեցաւՓետրուար 24-27 -ին։ Դասընթացքի վերջին օրը տեղի […]

«Արցախը Պատերազմէն Ետք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առցանց Ցուցադրութիւն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի՝ 28 ­Փետ­րո­ւար 2021ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9-ին, ա­ռա­ջին առ­ցանց ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ար­ցա­խը պա­տե­րազ­մէն ետք» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին։ ­Յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար յատ­կա­պէս պատ­րաս­տուած այս ժա­պա­ւէ­նը, քա­ռորդ […]