Շիրվանեան Ընտանիքը Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Գիւմրիի «Շիրվանեան» Կեդրոնին

Հայաստան, Սփիւռք

Այս ամառ պիտի նշուի Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձը։ Կեդրոնը կարելի եղած էր մէջտեղ բերել հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ։

«Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր, «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կեդրոնը վերածած է այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայրի մը, կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա դարձած է մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը, նպաստելով Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման։

Նաեւ, «Մենք ենք Գիւմրին» կը տնօրինէ 2017ին մահացած Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզէն համալսարանական ուսանողներու նիւթական յատկացումներ կը կատարէ:

Կեդրոնը վերջին քանի մը ամիսներուն նաեւ Արցախի պատերազմէն վնասներ կրած անձերու աջակցելու ջանքերուն աշխոյժ վայրի մը վերածուեցաւ:

«Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին այս նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին շնորհիւ համայնքին եւ Շիրվանեան ընտանիքին շարունակուող նեցուկին։

Արդարեւ, Շիրվանեան ամոլի դուստրը՝ Ալիս Պետրոսեան, եւ անոր ամուսինը՝ Վահիկը, վերջերս 8000 տոլարի նուիրատուութեամբ մը ուռճացուցին կեդրոնին եւ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամի գործունէութեան համար անհրաժեշտ գումարները։

0303Shirvanian2

Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը Սեպտեմբերին յայտարարեց 2020-2021ի կրթական տարեշրջանին համար՝ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող 12 համալսարանական ուսանողներուն անունները, որոնցմէ երեքը անցեալ տարեշրջանին եւս կրթանպաստ ստացած էին, իսկ մնացեալը՝ առաջին անգամ ըլլալով:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն եւ միւս բոլոր նուիրատուներուն, այս նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնելու՝ իրենց ազգանուէր կեցուածքին համար։

2020-2021ի կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներուն հովանաւորներն են․

Քարլօ եւ Ազնիւ Պոզողլեան

Փիեռ եւ Քեթի Չրախճեան

Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեան

Շանթ եւ Թամար Պապուճեան

4211 Nogales Dr. հիմնարկը

Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան

Էնճըլօ եւ Լոռի Կալեան

Արթօ Քէօլէեան

Համբար եւ Կարինէ Մելքոնեան

Օշին եւ Իրէն Փիրումեան

Սարգիս եւ Սեդա Քարկոտորեան

Գօգօ Թօփալեան

Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամին աջակցելու համար (750 տոլար իւրաքանչիւր ուսանողի համար) կարելի է նուիրատուութիւններ առաքել ACF-ին, հետեւեալ հասցէին՝ ACF Shirak Youth Center, 104 N. Belmont Avenue, Suite 300, Glendale, CA 91206 կամ կայքէջին վրայ։

Կրթանպաստի այս հիմնադրամը առիթ կը ստեղծէ Գիւմրիի երիտասարդներուն, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեն հայրենիքի մէջ, որպէսզի անոնք ապագային գործնականապէս մասնակցին Գիւմրիի վերականգնման աշխատանքին: