Հայ Դատի «Շրջանային Դեսպան» Նախաձեռնութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է «Շրջանային Դեսպան» նորարար ծրագիրին՝ նպատակ ունենալով հայութեան քաղաքական ձայնը աւելի ազդու դարձնել, Արեւմտեան Ամերիկայի քոնկրեսական բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ, Հայ Դատը ջատագովող դեսպան մը նշանակելու միջոցաւ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան կոչ կ՛ընէ՝ այս ծրագիրին միջոցաւ Հայ Դատը գործնականապէս ջատագովելու շրջանի հայերուն եւ հայութեան բարեկամներուն, որ այցելեն  կայքը եւ արձանագրուին, նկատի առնուելու համար շրջանային դեսպանի պաշտօնին։