Անտարբերութիւն` Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Բնակիչներու Խնդիրներուն Նկատմամբ (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Հայաստան

Մարտ 4-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու բնակիչներ: «Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով՝ անոնք դժգոհութիւն յայտնած են առկայ իրավիճակին, իրենց խնդիրներուն նկատմամբ տիրող անտարբերութեան համար:

Հաւաքին մասնակիցները նշած են, որ իրենց նպատակն է քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռել տիրող իրավիճակին վրայ: Ներսի վրայ արդէն յոյս չեն դներ եւ հայացքները ուղղած են դէպի դուրս:

Ներկաներուն մէկ մասը նշած է, որ իրենց հաւաքը յ՝աջակցութիւն «Յանուն Հադրութի» ՀԿ-ի է, որոնք այդ նոյն ժամանակ Երեւանի մէջ կը դիմեն տարբեր դեսպանատուներ՝ նախապէս ուղարկուած նամակներու պատասխանները ստանալու համար:


Մէկ մասն ալ բարձրաձայնած է հասարակական տարբեր խնդիրներու մասին, որոնց կը բախին իրենց տունէն զրկուած արցախցիները: Ազոխի բնակիչ Վրէժ Յակոբեան «Ապառաժ»-ին տեղեկացուցած է, որ բնակութեան համար բնականոն պայմաններ չունի եւ ստիպուած գիշերներն ալ կ՝աշխատի՝ ընտանիքի հասարակական բեռը թեթեւցնելու համար:

Որոշ ժամանակ անց ԱՀ նախագահը իր մօտ հրաւիրած է հաւաքին մասնակիցներէն քանի մը ներկայացուցիչ: