Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Հայ Գերիները Վերադարձնելու Գծով Յստակ Քայլեր Կը Պահանջեն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Քոսթաս Մաւրիտեսի (Կիպրոս, Ընկերվարականներու եւ Դեմոկրատներու խմակցութիւն) նախաձեռնութեամբ, բոլոր հիմնական խմբակցութիւններէն 30 եւրոխորհրդարանականներ հրատապ հարցում յղեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելին:

Պորելին կը հարցուի, թէ ինչ յստակ քայլեր ձեռնարկուած են Պաքուի կողմէ գերի պահուող հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն վերադարձը ապահովելու եւ անոնց չարաշահումը եւ քաղաքական նպատակների համար շահագործումը կանխելու համար:

Խօսելով գրաւոր դիմումին մասին՝ Մաւրիտես յայտնեց. «Մենք չենք կրնար մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու առջեւ լուռ մնալ: Այդ պատճառով տարբեր խմբակցութիւններէ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ իմ գործընկերներուն հետ կոչ կ՛ընենք Եւրոպական Միութեան, որ անյապաղ գործի անցնի եւ յստակ քայլերու ձեռնարկէ՝ ձեռք բերուած համաձայնութեան 8-րդ կէտի իրագործման հասնելու համար, մասնաւորապէս՝ վերադարձնել Ազրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիները, ներառեալ՝ քաղաքացիները եւ կիները: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը բացայայտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքը»։

Մեկնաբանելով այս նախաձեռնութիւնը՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Ակնյայտ է, որ խախտելով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, Պաքու կը շահագործէ այս մարդասիրական հարցը՝ քաղաքական օգուտ կորզելու եւ յաւելեալ տառապանք պատճառելու համար: Կ՛ողջունենք պատգամաւորներու այս նախաձեռնութիւնը: Ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնը եւ անդամ պետութիւններու ղեկավարները գործի անցնին: Մարդկային իրաւունքները եւ մարդկային արժանապատւութիւնը սոսկ բառեր չեն եւ չեն կրնար սակարկութեան առարկայ ըլլալ: Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ՝ մենք անկէ կ՛ակնկալենք օգտագործել դիւանագիտական եւ քաղաքական բոլոր լծակները եւ դադարեցնել Ազրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ մարդկային արժանապատուութեան այս անթոյլատրելի ոտնահարումը: Պէտք է Ազրպէյճանին յստակօրէն հասկցնել, որ պարտաւոր է յարգել իր յանձնառութիւնը եւ անյապաղ վերադարձնել բոլոր հայ գերիները»: