Թուրանի Սպառնալիքին Դէմ Ամբոխահաճութիւն եւ Պառակտում Վատ Ռազմավարութիւն Է. Յ.Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

1894-1896՝ կոտորածներ, համիտեան ջարդեր, 1915-1922՝ ցեղասպանութիւն-հայենահանում, 1988՝ Սումկայիթի հայերու ցեղասպանական ջարդ, 1988-1992՝ Արցախի ազատագրութիւն, 2020 սեպտ. 27 – 2020 նոյ. 9՝ 44 օրեայ պատերազմ:

            Համագումար՝ քաղաքականութեամբ գրուած պատմութիւն:

            Երեսուն տարուան յոյս եւ զոհողութիւնը յօդս ցնդեցան:

            Երբ կիրքերը հանդարտին եւ պարտութեան հոգեխոցը (trauma) մեղմանայ, եթէ մեղմանայ, հաշուեկշիռը պէտք է ընել յաղթանակի եւ պարտութեան, ձախողութեան: Ի՞նչ պէտք էր որ ընէինք եւ չըրինք, չկրցանք ընել, չէինք կրնար ընել, ճշդելով մեր սխալները, անկարողութիւնները, անձեռնհասութիւնը, չթաքնուելով արտաքին եւ անբարեացակամ մօտաւորի եւ հեռաւորի յանցանքին կամ թերացման ետին:

            Քաղաքականութիւնը եւ անոր ղեկավարումը իմաստութեամբ լուսարձակի տակ բռնել, առանց կիրքի, վրէժի, սեւացրէ՛քի, ինքնարդարացման: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս անփառունակ պարտութիւնը: Կացութիւնը քննել դիազննութիւն ընելու պէս եւ խօսիլ դարմանի մասին: Ինչո՞ւ տեւաբար զիրար ամբաստանել եւ անտեսել վերականգնումի հրամայականը: Այս ընել ոչ թէ դիրք պաշտպանելու կամ քննադատելու համար, այլ՝ վաղուան յաջողութեան հեռանկարով:

            Թեր կամ դէմ չըլլալ, ոչ ալ չեզոք, այլ հասկնալ, սորվիլ եւ սխալները չկրկնելով՝ ընթանալ:

            Ամէն հարցի մասին խօսելու յաւակնութիւն չունիմ: Կ’ուզեմ երազատեսութեան եւ մեր ուղիները ճիշդ չտեսնելու մասին խօսիլ, թէեւ տեսնուածը եւ քննուածը մասնակի պիտի ըլլան:

Քաղաքականութիւնը արուեստ է, արհեստ, ժողովրդավարական կարգերու տակ կը սորվինք փորձով: Գիտնալ պատմութիւն, դիտել ներկայ, շրջապատ: Բուրգին գագաթը հասնիլ կ’ենթադրէ հանգրուաններ. թաղային խորհրդական, երեսփոխանի օգնական, նախարարի քարտուղար, տեղակալ, ապա՝ երեսփոխան, եւ սորվիլ, թէ ի՞նչ բան է պետութիւնը եւ ան ինչպէ՞ս կը ղեկավարուի: Գիրք եւ վկայական լաւ բաներ են, բայց անբաւարար՝ պետական մեքենան ճանչնալու եւ վարելու:

            Պետութիւնը, կը ներկայացուի բուրգին գագաթի որոշում կայացնողներով, պաշտօնատարներով, ենթակայ՝ կանոններով գործող ինքնիշխան կառավարութիւն: Ան կը ճշդէ գործելակերպ եւ չափանիշներ, կը կազմակերպէ իր գործունէութիւնը, օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեամբ: Բացարձակ իշխանութիւնը բռնապետութիւն է:

            Իշխանաւորներ երբ նուազ փորձ ունենան, նուազ սորված եւ նուազ յղկուած, յանձնապաստան կը դառնան, կը խորհին որ իրենցմէ առաջ ոչինչ եղած է, իրենք են նորի եւ ապագայի կրողը, նախախնամական են: Զանգուածի ակնկալութիւնները կը չարաշահեն յոյսով: Այս populisme է, ամբոխահաճութիւն, արդարութեան խոստում, քանդելով ընտրանին, հաւասարութիւն ստեղծելու համար ներքեւէն: Կը ստեղծուի նոր ընտրանի, հինի հակասութիւններով, որ ինքզինք կը գտնէ անբաւարարուածութեան դէմ եւ զայն կը համարէ արգելք, մրցակից, թշնամի:

            Ամբոխահաճութիւնը կը կրծէ ժովրդավարութիւնը, զայն կը յանձնէ ինքնակալի: Զանգուածը չի տեսներ վտանգը: Ամբոխահաճական իշխանութիւնը կը ծնի նախկին ընտրանիին դէմ ընդհանուր եւ հաւասար քուէարկութեան արդիւնքով: Պէտք կ’ըլլայ վերսկսիլ: Զանգուածը վաղ թէ ուշ կը հասկնայ, որ նոր ընտրանին ալ զինք գործածած է որպէս ասպանդակ իր քամակին նստելու համար:

            Ժողովրդավարութիւնը իրաւ է հաւասարներու միջեւ: Ամբոխահաճութիւնը կեղծ ժողովրդավարութիւն է, յոռի հետեւանքներով, իր անունը չըսող թագաւորութիւն, նոյնիսկ՝ ժառանգական, աւատապետական:

Իրաւ ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ գիտակից, մտածող, աննախապաշար եւ դատողութեամբ գործող քաղաքացիոր կը մերժէ, որ ուրիշներ մտածեն եւ դատեն իր փոխարէն: Կենսական է մնայուն եւ առարկայական լուսաբանութիւնը, հանրային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, վիճարկումը՝ նախաձեռնութիւններու, գաղափարներու եւ անհատներու շուրջ, որպէսզի պատասխանատուութիւններ տրուին, բաժնուին, քննադատուին: Ժողովրդավարութեան համար էական է իշխանութեան տեւողութեան սահմանափակումը, երեսփոխան-պատգամաւորի, վարչապետի, նախագահի, որպէսզի օրէնքի ձեւական յարգումով մարդիկ դիդքերու վրայ չյաւերժանան:

            Մեր աւելի քան հարիւր տարիներու դժբախտութիւններու մասին պէտք է մտածել առանց ինքնարդարացման ճապկումներու, մտածել վերջին երեսուն տարիներու վերականգնումի դժուարութիւններուն, եւ հուսկ՝ ներկայ պարտութեան: Ո՞ւր են սխալները, ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք:

            Քաղաքականութիւնը ճակատագրապաշտութիւն չէ, եթէ այդպէս ըլլար, արեւուն տակ նստած կը սպասէինք, որ դէպքերը պատահին:

            Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր ականատես եղանք փորձերու եւ քաղաքական-իշխանատենչական փորձութիւններու, մրցակցութիւններու: Ատակ անձը ճիշդ եւ յարմար գործին դնելու ողջախոհութիւնը բացակայեցաւ: Կրպակի հաշուապահը դրամատան տնօրէն չեն կարգեր, ոչ ալ տնտեսութեան նախարար, շարքային զինուորին մարաջախտի ուսնոց չեն դներ: Այս ըմբռնումով եթէ փորձենք գնահատել անցած երեսուն տարիներու դերակատարները, օրէնսդիր, գործադիր, դիւանագիտութիւն, պիտի տեսնենք, որ եղած ենք սիրողական (amateur), ժողովուրդը առաջնորդուած է ոչ թէ գնահատման-քննադատութեան ընտրանքներով, այլ խօսքի շռայլութեան, բորբոքուող կիրքի եւ քէնի մղումներով: Պարզ. քաղաքական ընտրանի չենք ունեցած: Այս վատաբանութիւն չէ, թերեւս փոխանցման շրջանին այլ կերպ ալ կարելի չէր: Բայց այդ հունով շարունակել եղաւ սխալը, վարժապետ եւ տիրացու գտնուեցան բուրգին գագաթը, անցեալէն եկած եւ պատրաստուած անձերը չեղան ոչ իսկ պահեստի ուժ:

            Յաճախ մտածած եմ, որ բանակ կանչուող երիտասարդը կ’ենթարկուի բժշկական քննութեան: Ուսուցիչը սերունդի հոգեբարոյական պատրաստութիւնը կերտելու պատասխանատուութիւն ունի, բայց ֆիզիքական-հոգեբանական քննութեան չ’ենթարկուիր: Պատասխանատու աշխատանք է թաղապետութիւնը, երեսփոխանութիւնը, նախարարութիւնը, վարչապետութիւնը, նախագահութիւնը: Անոնցմէ ոչ մէկը բժշկական քննութեան չ’ենթարկուիր, քննութեան արդիւնքը չի հրապարակուիր, որպէսզի ընտրողը գիտնայ թէ որո՞ւ, որոնց եւ ինչո՞ւ կը վստահի իր ճակատագրի տնօրինումը:

            Ինչպիսի ձախաւերութիւններէ կրնայինք խուսափիլ եթէ շարքային զինուորին նկատմամբ եղած բծախնդրութիւնը ցուցաբերուէր հանրային ասպարէզներուն համար:

            Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները, ինչ ալ ըլլան մեր զգացումները եւ համակրանք-հակակրանքները, չյաջողեցան ստեղծել պետական մտածողութիւն, որ հակառակը չէ ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան: Եթէ այդ ըրած ըլլային, մրցակից եւ իշխանութեան տիրանալու համար պայքարող, զիրար չէին դիտեր որպէս թշնամի, այլ տարբեր առաջադրանքներով երկրին ապահովութեան եւ բարօրութեան ծառայող: Անգլիան յատկանշական օրինակ է, ուր ընդդիմութիւնը ճանչցուած է՝ որպէս «Նորին Վեփափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւն»:

Հայաստան կը գտնուի պարտութեան եւ պառակտումի փակուղիի մէջ:

            Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն փոխանակ պայքարներու մէջ ներքաշելու ժողովուրդը, որ հանդարտութեան կարիք ունի իր տնտեսութիւնը վերականգնելու, ազգային բարձր գիտակցութեամբ թող խօսին, մէկը եւ միւսը, եւ ըսեն թէ ի՞նչ կրնային ընել եւ չըրին, հիմա ի՞նչ կրնան ընել՝ վերականգնելու անդորրը, վստահութիւնը, տնտեսութիւնը, առաջքը առնելու համար երկրի յարաճուն պարտքին: Առանց անտեղի փառասիրութիւններու տուրք տալու՝ կազմակերպուիլ, խօսիլ իրարու եւ բարեկամ երկիրներու հետ:

            Այս ներուժը ունի մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը: Ատակ, հայրենասէր եւ հայրենատէր դէմքեր պէտք է բերել իշխանութեան, համեստութեամբ ընդունիլ, որ մրցակիցը կրնայ աւելի լաւ վարել այս կամ այն հանրային մարզը. պատգամաւոր, նախարար, մարզպետ, պետական կառոյցներու տնօրէն, եւայլն:

            Վեհանձնութեամբ ընդունիլ երէկի կամ այսօրուան ձախողութիւնները եւ պարտութիւնները, առանց քէնի ու նախատինքի, սեւի եւ ճերմակի, լաւագոյններուն վստահիլ վերականգնումի գործը, եւ յանձն առնել չխոչնդոտելու ազնուութիւնը:

            Երկիր կառավարելու եւ առաջնորդելու, մեր պարագային՝ պարտութենէ վերջ ոտքի ելլելու համար, ամբոխահաճութիւնը կործանարար է:

            Պարտութեան հոգեխոցի դարման են յոյսը, իշխանափոխութեամբ գալիք վստահութիւնը: Փոխանակ կրկէսի մէջ իրարու դէմ կռուելու դիրքի մէջ գտնուող մարտիկներու պէս իրարու ասպարէզ կարդալու, խօսիլ ժողովուրդին, լսել զայն, ընդունիլ սխալները, նայիլ ապագային:  Եւ խորհիլ, թէ ամլացնող տեսութիւններէն տարբեր, ի՛նչ ապագայ պիտի կտակուի սերունդներուն:

            «Չէի գիտեր որ այնքան պարզ է իր պարտականութիւնը կատարել երբ վտանգի մէջ ես», ըսած է ֆրանսացի դիմադրական հերոս Ժան Մուլէն, 1940ին, իր մօրը եւ քրոջը գրած նամակին մէջ: Աղօթքի պէս պէտք է կրկնել Ժան Մուլէնի խօսքը, ըլլալ անձնուրաց: Ժան Մուլէն նացիներու կողմէ սպաննուեցաւ, քանի որ մերժեց իր հայրենիքի անկումը:

            Այնքան պարզ է մեր պարտականութիւնը կատարել, երբ վտանգուած է հայրենիքը. նախ յաղթելով եսերը: