Մեզի Համար Մեր Երկրի Կայունութիւնը, Ցնցումներէ Զերծ Պահելը Շատ Կարեւոր է. Իշխան Սաղաթելեան

Հայաստան

Նախագահը երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած ունի ամբողջական պատասխանատւութիւն։ Այս մասին, ըստ «Թերթ»-ի, Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան։

Ան նշեց, որ իրենք ունին սենարներ եւ կ՝երթան առաջ, իսկ վաղը՝ ըստ իրավիճակի՝ պիտի որոշեն իրենց քայլերը։ «Իշխանութեան հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ՝  Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններու կոչերուն, եթէ ինք կ՝ուզէ արտահերթ ընտրութիւններ, թէեւ իմ կարծիքով չ՝ուզեր, ատիկա ընդամէնը սուտ է, նկատի ունենալով, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը կը գտնուի իր վերելքին վրայ, ան կրկին կ՝ուզէ փոխել օրակարգը, եւ մեզի մտցնել անիմաստ քննարկման մէջ։ Եթէ ինքը անկեղծ է, հիմա թող գայ Ազգային ժողով, հրաժարական տայ եւ ըլլան արտահերթ ընտրութիւններ»,– ըսաւ ան եւ նշեց, որ «Իմ քայլը» խորհդարանական խմբակը պարզապէս գերի է Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը։

Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ, որ ամէն առաւօտ լկտի, կեղծ լուրեր կը տարածուին Դաշնակցութեան հասցէին, եւ անդրադառնալով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է վաղը անցնին «փլան Բ–ի», Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ․ «Մեզի համար մեր երկրի կայունութիւնը, ցնցումներէ զերծ պահելը շատ կարեւոր է, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մենք պիտի նահանջենք, վճռական պիտի չըլլանք։ Մենք շատ տրամաբանուած, հետեւողական առաջ կ՝երթանք եւ վաղը, ըստ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ պիտի ծրագրենք մեր յաջորդ ընելիքները։ Ակնյայտ է, որ այս պողոտան պիտի չազատենք, մեր գործողութիւններուն մէջ նահանջ պիտի չըլլայ, մենք մեր ժողովուրդին հետ հասած ենք կէտի մը եւ յաղթանակը մօտ է»։