Հայաստանեան Տարբեր Կայքէջերու Մէջ Իրանահայ Համայնքի Մարդասիրական Օժանդակութիւններուն Վերաբերեալ Կեղծ Լուրերուն Ի Պատասխան. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Նկատի ունենալով այն փաստը, որ վերջին օրերուն ընթացքին, ոմանք միտումնաւոր նպատակներ հետապնդելով եւ համայնքին մէջ ազգ. իշխանութեան հանդէպ անվստահութիւն սերմանելու նպատակով, հասարակական ցանցերու եւ հայաստանեան տարբեր կայքէջերու մէջ անհիմն եւ կեղծ լուրեր հրապարակած են իրանահայ համայնքի մարդասիրական օժանդակութիւնները իր նպատակին չծառայեցնելու եւ այլ տեղ փոխանցելու կապակցութեամբ, անհրաժեշտ նկատեցինք հանդէս գալ հաղորդագրութեամբ, հերքելով տարածուած անստոյգ լուրերը՝ կատարելով հետեւեալ պարզաբանումները:

ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի, 2020 թուականի Սեպտեմբեր 28-ին, Արցախին զօրակցելու նպատակով կեանքի կոչեց «Բացառիկ նուիրահաւաք»-ի կազմակերպիչ յանձնախումբ հետեւեալ անձնակազմով`

Տկն. Իւետ Դանիէլեան

Պրն. Վահիկ Աղաքեան

Պրն. Վարուժ Յովհաննիսեան

Պրն. Հարմիկ Զովէլեան

Պրն. Յակոբ Յակոբեան

Դոկտ. Ալֆրէդ Դաւուդի

Պրն. Ժորժիկ Խուդավերդեան

Թեմական խորհուրդի հետ կապ` ճրտպ. Նորայր Արամեան

Յանձնախումբը իրանահայ համայնքներու յատուկ կարգավիճակով եւ առկայ զգայնութիւններով հանդերձ, անմիջապէս աշխատանքի լծուելով, ոչ մէկ ջանք խնայեց իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու Համահայկական այս նուիրական աշխատանքին մէջ:

Ուստի, չնայած ժամանակին՝ համայնքիս միութիւններու, նաեւ Եկեղեցական եւ Ծնողական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, անդորրագրերը ներկայացնելով արտացոլուած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին փոխանցուած` Բացառիկ նուիրահաւաքէն հանգանակուած գումարին ճակատագիրը, սակայն կրկին հարկ կը համարենք մեր ժողովուրդին հաղորդել եւ միեւնոյն ժամանակ մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել, այս պատասխանատու աշխատանքին մէջ մեզի նեցուկ հանդիսացած` Թեմիս ազգային եւ կրօնական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, յարգելի ժողովուրդին եւ բարերար անձանց, որոնք անվերապահօրէն իրենց նիւթական նաեւ բարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Հարկ կը համարենք մատնանշելու, որ Թեհրանի հայոց թեմի ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները ընդմիշտ գօտեպնդուած եւ համայնքիս անդամներու փոխվստահութեամբ հնին շարունակեն իրենց ազգանուէր գործունէութիւնը ի նպաստ համայնքիս բարօրութեան եւ բարեկեցիկ կեանքի եւ երբեւիցէ որեւէ անհատի վարկաբեկումները եւ անհիմն արտայայտութիւնները չեն կրնար խոչընդոտել եւ խաթարել այդ նուիրական գործը:

Անհրաժեշտութեան պարագային պիտի հրապարակուին նաեւ համապատասխան փաստաթուղթերը:

Թ. Հ. Թ. ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

9 Մարտ 2021