ԱՄՆ Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Հայ Գերիներուն Ազատ Արձակումը Պահանջող Բանաձեւ Պիտի Ներկայացնէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին Քոնկրեսի Հայկական համախումբի ղեկավարները Ներկայացուցիչներու տան պիտի ներկայացնեն բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակելու գերի պահուող առաւել քան 200 հայ զինուորները եւ քաղաքացիները, որոնք տակաւին պատանդ կը պահուին, 9 Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն 100 օր ետք:

Երկկուսակցական բանաձեւը, որուն հեղինակներն են՝ Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ֆրենք Փալոն, կը շեշտէ, թէ Պաքուի զինուած ուժերը վատ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն հայ գերիներուն նկատմամբ եւ զանոնք կ՛ենթարկեն ֆիզիքական խոշտանգումներու եւ նուաստացումներու, նոյնիսկ դիմելով գլխատումներու եւ մահապատիժի՝ առանց դատավարութեան:

Հայկական համախմբումի ղեկավարները կոչ ըրին իրենց քոնկրեսական գործընկերներուն, որ միանան իրենց եւ հաւանութիւն տան բանաձեւին:

Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Նկատի ունենալով, որ հակառակ Ժընեւի համաձայնութեամբ սահմանուած՝ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններուն, 9 Նոյեմբերին կնքուած համաձայնագիրէն եւ զինեալ հակամարտութեան աւարտէն առաւել քան 100 օրեր ետք, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ պատանդ պահել մօտաւորապէս 200 հայ գերիներ,

Նկատի ունենալով, որ Մարդկային Իրաւանց Դէտ կազմակերպութիւնը Դեկտեմբեր 2020ին յստակացուց, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը «ֆիզիկական խոշտանգումներու եւ նուաստացման ենթարկած են» հայ ռազմագերիները,

Նկատի ունենալով, որ չափազանց քիչ հաւաստի տեղեկութիւն կայ գերիներուն եւ ձերբակալուած քաղաքացիներուն վիճակին եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին մասին,

Նկատի ունենալով, որ Հայաստան կատարած է 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային օրէնքը՝ վերադարձնելով ատրպէյճանցի ռազմագերիները,

Նկատի ունենալով, որ Ամերիկա, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ են,

Հետեւաբար Ներկայացուցիչներու տունը՝

Կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ վերադարձնելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդ պահուող անձերը,

Կոչ կ՛ընէ արտաքին գործոց նախարարին, որ բոլոր մակարդակներով կապ հաստատէ Պաքուի հետ, յստակեցնելու համար 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով սահմանուած իր պարտականութիւնները կատարելու կարեւորութիւնը»:

Հայ Դատը կ՛ողջունէ այս նախաձեռնութինը եւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր քոնկրեսականներուն զօրակցութիւն ապահովելու համար այցելէ anca.org/prisoners կայքէջը։