Մօտակայ Օրերուն Ընթացքին Վճռական Հանգուցալուծում Տեղի Պիտի Ունենայ

Հայաստան

Մոտակայ օրերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ վճռական հանգուցալուծում․ Բաղրամեան պողոտայի վրայ տեղի ունեցած այսօրուան հանրահաւաքէն առաջ՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին՝ ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածուՎազգէն Մանուկեան:

«Մենք կ՝աշխատինք փլան (ծրագիր,- խմբ.) Ա-ով. երբ որ տեղի ունեցաւ ԳՇ-ի յայտարարութիւնը, մենք մեր գործունէութիւնը ծաւալեցինք այդ կէտին շուրջ, որովհետեւ ատիկա շատ վճռական նշանակութիւն ունէր, իսկ այսօր կամ վաղը դուք պիտի տեսնէք վճռական հանգուցալուծումը»,- ըսաւ ան:

Մանուկեան նշեց, որ բանակը միասնական է եւ պիտի չի նահանջէ։

«Վստահաբար բանակը պիտի չի նահանջէ, քանի որ ասիկա միայն Օննիկ Գասպարեանի հարցը չէ, եւ ամբողջ բանակը կ՝ընդունի ատիկա՝ իբրեւ միասնական հաւաքականութեան հարց, ուր նահանջ պիտի չըլլայ»,- ընդգծեց ան:

Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարը նաեւ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանը երկար չի կրնար պահել իշխանութիւնը եւ իշխանութիւնը պահելու համար կայ միայն մէկ տարբերակ:

«Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութիւնը պահել չի կրնար, օրէ օր ժողովուրդի աւելի լայն շրջանակներ չեն ընդունիր զինք, բոլոր հիմնարկները չեն ընդունիր զինք եւ կը մնայ մէկ ձեւ՝ անցնիլ բռնապետութեան, իսկ բռնապետութեան անցնելու համար իրեն պէտք է բանակը»,- ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Ան նաեւ անդրադարձաւ իրեն հանդէպ յարուցուած քրէական գործին, որ ուղարկուած է դատարան:

«Շուտով պիտի ըլլայ դատը եւ պիտի իմանանք՝ ինչ պիտի ըլլայ: Ես երբեք իմ ըսածներն ու կոչերը չեմ մեկնաբաներ, ատիկա իրաւաբաններու գործն է: Այս ամէնը բնական է, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանը կ՝ուզէ ոչնչացնել իր քաղաքական հակառակորդները»,- ըսաւ Վազգէն Մանուկեան: