Category: Աշխարհ
Ատրպէյճանի Մէջ Կը Նախատեսեն Հայագիտական Հետազօտութիւններու Բաժին Բանալ
Պաքուի Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնի կառավարման խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կեդրոնին մէջ նախատեսուած է հայագիտական հետազօտութիւններու բաժին բանալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ […]
Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Հիմնադրութեան 45ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ իր հիմնադրութեան 45ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի իրականացնէ Շաբաթ, 12 եւ Կիրակի, 13 […]
Արցախի ԱԳ Նախարար Մասիս Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռայտ Քաղաքի Քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալի Հետ
Աւստրալիա գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Օգոստոս 2-ին, հանդիպում ունեցած է Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալի հետ: Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է Արցախի պատուիրակութեան` Աւստրալիա աշխատանքային այցելութեան […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Մինիսոթա Նահանգի Տարածքին
ՄԻՆԻԱՓՈԼԻՍ, «Սի.Պի.Էս.».- Նախաձեռնութեամբ Մինիսոթա նահանգի Սէյնթ Փօլ քաղաքի Ս. Սահակ Հայոց եկեղեցւոյ, նահանգին տարածքին, ինչպէս նաեւ Այօուայի մէջ տեղի ունեցած արդէն եւ յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուած է իրականացնել «Յիշողութեան եւ յոյսի […]
Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Նիքիթաս Քաքլամանիսին Հետ
Հելլէն խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիսին հետ հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի իր գրասենեակէն ներս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Խաչիկ Ապարեան, Հինգշաբթի 1 Օգոստոս […]
Կեանքի Քաղաք Երեւան. Իսրայէլեան Հեռուստաալիքը Հայաստանի Մասին Տեսանիւթ Հրապարակած է
Իսրայէլի «Ռեշետ 13» հեռուստաալիքը Հայաստանի մասին հրապարակած է եբրայերէն տեսանիւթ մը։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ տեսանիւթը կը սկսի Գառնի այցելութեամբ, ուր կը ներկայացուի հեթանոսական տաճարի պատմութիւնը: Շրջայցը կ՝ուղեկցուի տաճարին մէջ հնչող տուտուկի […]
ՀՅԴ-ի Երիտասարդները Մասնակցեցան «Ընկերվարութեան Եւ Ժողովրդավարութեան» Ակադեմիայի Ամառնային Հաւաքին
24-28 Յուլիս Ուքրանիոյ Լվով քաղաքի մերձակայքը տեղի ունեցաւ հոլանտական «Մաքս Վան Տեռ Շթոյել» հիմնադրամի, Ուքրանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպած «Ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան ակադեմիա»-ի տարեկան ամառնային հաւաքը: Հաւաքին […]
Վանի Մէջ 2750 Տարուան Վաղեմութեան Գերեզմաններ Յայտնաբերուած են
Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Վանի Չաւուշթեփէ բերդին մէջ (հայկական անուանումներով Սարդուրիխինիլի կամ Հայկաբերդ) կ՝իրականացուին հնագիտական պեղումներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ Ըստ պեղումներու աշխատանքը գլխաւորող թուրք փրոֆէսըր Ռաֆեթ Չաւուշօղլուի՝ […]
Հայաստանը Պէտք է Բարենպաստ Վայր Ըլլայ Երիտասարդ Տաղանդներու Համար․ ՀՀ Նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Օգոստոս 1-ի երեկոյեան, տեսակապի միջոցով միացած է «Սեւան նորաստեղծութիւններու գագաթնաժողով-2019»-ի մասնակիցներուն, զրուցած անոնց հետ, հետաքրքրուած գագաթնաժողովի ընթացքով եւ պատասխանած անոնց հարցերուն։ «Ասիկա հրաշալի նախաձեռնութիւն է, […]
Կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ Խմբակցութիւնը
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 1 Օգոստոսին կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ խմբակցութիւնը, որուն առ այժմ մաս կը կազմեն 40 յայտնի քաղաքական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ ու կրօնական առաջնորդներ։ Խմբակցութեան մաս […]










