Ինչո՞ւ Տանըլտ Թրամփի Վարչակազմը Պէտք է Շարունակէ Մարդասիրական Աջակցութիւնը Արցախին. Արտակ Բեգլարեան

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան Twitter-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է Արցախին ԱՄՆ մարդասիրական աջակցութեան անհրաժեշտութեան:

Ան, մասնաւորապէս, գրած է.

«Ինչո՞ւ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պէտք է շարունակէ մարդասիրական աջակցութիւնը Արցախին:

Մեր խաղալիքները զէնքերն էին 1991-94թթ. Ատրպէյճանի հետ պատերազմի ընթացքին:

Ականի պայթիւնի հետեւանքով 1995-ին ես կորսնցուցի տեսողութիւնս: Առ այսօր ականի շատ միջադէպեր խլած են բազմաթիւ կեանքեր ու առողջութիւն (ներառեալ երեխաներու):

1998-էն ԱՄՆ սկսաւ տրամադրել մարդասիրական աջակցութիւն Արցախին (տարեկան շուրջ 2 միլիոն տոլար): 2000-ականներէն սկսեալ՝ ատոր զգալի մասը ուղղուած է «Հալօ Թրասթ» կազմակերպութեան՝ ականազերծման աշխատանքներու համար:

Անիկա մաքրած է աւելի քան 500 ականադաշտ՝ փրկելով անհամար կեանքեր: Ականազերծման աշխատանքները պէտք է շարունակուին քանի մը տարի եւս:

Այժմ Թրամփի վարչակազմը կ՝ուզէ դադրեցնել մարդասիրական աջակցութիւնը Արցախին:

Քոնկրէսականներ Պրէտ Շըրմանը եւ Թիճէյ Քոքսը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը սկսած են արշաւ մը՝ յորդորելով ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան համակարգող Մարք Կրինը պահպանել աջակցութիւնն ու ականազերծման ծրագիրը:

Իբրեւ ականէ վիրաւորուած երեխայ եւ արդէն Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ ես կը միանամ «Ականազերծուած Արցախ» արշաւին»: