Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան Քննարկած են Հայաստան-Արցախ Փոխգործակցութեան Հարցեր

Հայաստան

Ստեփանակերտի մէջ, Օգոստոս 5-ին, տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որ Արցախ կը գտնուի Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու մեկնարկին ծիրէն ներս:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն կը փոխանցեն, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: