Արցախի Բռնած Ուղին Անշրջելի է. Բակօ Սահակեան Ելոյթ Ունեցած է Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, Համահայկական 7-րդ խաղերը պիտի իրականացուին ամենաբարձր մակարդակով: Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, իր ելոյթին մէջ, այս մասին նշեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ես ներկայ եղած եմ փորձերուն, համոզուած եմ ու վստահաբար կրնամ ըսել, որ կազմակերպիչները մեզի պիտի պարգեւեն հաճելի, հետաքրքրական, տպաւորիչ, յիշարժան պահեր: Այդ ներկայացումը բաղկացած է նաեւ բեմականացուած հատուածէ, ուր կը նկարագրուի, թէ ով են հայերը, ինչու համար եկած են այս աշխարհ եւ ինչ առաքելութեամբ: Այսօր կ՝ուզեմ խօսիլ այդ առաքելութեան Արցախին իյնկած բաժնեմասէն: Մենք չենք թաքցուցած, որ մեր մէջ կը կրենք մեծագոյն յարգանք մեր նախնիներուն նկատմամբ: Անոնք այս դարերուն ընթացքին մաքառած են, շրջանցած են բազում փորձութիւններ ու մեզի փոխանցած են սուրբ երկիր: Անոնք պատգամած են, որ այս երկրի գերագոյն արժէքը մարդն է ու մարդասիրութիւնը»,- ըսած է Բակօ Սահակեան:

Անոր խօսքով՝ այդ իսկ գիտակցութեամբ, այդ աշխարհընկալումով, տարիներ առաջ արցախցիները ելան ոտքի ու ի լուր աշխարհի յայտարարեցին, որ պիտի չհանդուրժեեն, պիտի չհամակերպուին ազգային արժանապատւութեան ոտնահարման:

«Առաջինը արձագանգած է Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ու այդ ժամանակէն սկսեալ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ընդունած ենք իբրեւ մտածելակերպ, կենսակերպ: Այդ նոյն եռամիասնութեամբ յաղթահարած ենք պատերազմի ընթացքին ստացած խոր վէրքերը, լուծած ենք ու կը լուծենք բազմաթիւ ծրագրեր: Այդ եռամիասնութեան շնորհիւ թեւակոխած ենք կայուն փուլ: Ըսած ենք, որ հայ ժողովուրդի ամենամեծ սխրագործութիւններէն մէկը արցախեան շարժումն է: Այսօր՝ այստեղ, եւս կը յայտարարեմ, որ Արցախը պատրաստ է իր բաժին առաքելութիւնը հաստատակամութեամբ կատարելու՝  ստեղծելու նախադրեալներ յաջորդ յաղթանակներուն համար: Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը, մեր քոյրերուն, եղբայրներուն, կ՝ուզեմ ըսել, որ մեր ընտրած ուղին անշրջելի է: Մենք պիտի երթանք մեր առաջադրանքներու եւ երազանքներու ետեւէն, հետեւողականօրէն աշխատանքներ պիտի իրականացնենք Արցախի միջազգային ճանաչման համար ՝ մօտենալով միացեալ հայրենիք ունենալու մեր երազանքին»,-ըսած է Բակօ Սահակեան: