Թուրքերը Անհանգստացած են «Netflix» Ընկերութեան Դրուագաշարերէն Մէկուն Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթի Արծարծումէն

Աշխարհ

Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ նկարահանուած «Ուրիշ կեանք» հեռատեսիլի դրուաքաշարերէն մէկուն մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ դրուագաշարի կերպարներէն մէկը կը խօսի իր հայկական ծագման մասին ու կը պատմէ, որ իր մեծ մայրը ցեղասպանութենէն փրկուելու համար երեխաներուն հետ անցած է անապատներու մէջէն։

Այս դրուագը չէ վրիպած Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդի(RTնK) ուշադրութենէն, որ մեղադրած է ամերիկեան ընկերութիւնը՝ բացայայտ կերպով Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը քարոզելու մէջ։

Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին վրդովեցուցած է այն հանգամանքը, որ իրենց բարձրացուցած խնդիրին վերաբերեալ «Netflix» ընկերութիւնը մինչեւ այժմ որեւէ պարզաբանում եւ բացատրութիւն չէ ներկայացուցած։