Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 օգոստոսին ընդունեց Պուլկարիոյ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Քննարկուեցան Պուլկարիա-Արցախ խորհրդարանական եւ մարդասիրական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանականներուն Արցախ այցելութիւնը կը կրէ պարբերական բնոյթ` յոյս յայտնելով, որ փոխադարձ գործակցութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանայ ու կ՛ընդլայնուի: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան: