Պաքու Կը Բողոքէ Պուլկարացի Երեսփոխաններուն Արցախ Այցելութեան Դէմ

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 Օգոստոսին բողոքագիր մը յղեց Պուլկարիոյ իշխանութիւններուն, Պուլկարիոյ խորհրդարանի անդամներ Վալերի Սիմէոնովի եւ Եորտան Ափոսթոլովի կողմէ 6 եւ 7 Օգոստոսին «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ»ը (կարդալ՝ Արցախի Հանրապետութիւն) կատարած այցելութեան եւ տեղւոյն «անջատողական վարչակարգի» ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ունեցած հանդիպումներուն գծով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը՝ վկայակոչելով «Թուրան»-ը։

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ «իր հայանպաստ դիրքորոշումներով յայտնի պատգամաւոր Սիմէոնովի ապօրինի այցելութիւնը» իր տեսակին մէջ երրորդը կը հանդիսանայ եւ ան 2016-էն ի վեր արդէն իսկ կը գտնուի Ատրպէյճանի (տխրահռչակ) «սեւ ցանկ»ին վրայ, որուն պաշտօնական անունն է՝ «Գրաւեալ տարածքներ ապօրինի այցելութիւն կատարած օտարերկրեայ քաղաքացիներու ցանկ»: