Մայրաքաղաքին Մէջ Բացուեցաւ Երեւանի 2800-ամեակի Այգին

Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից տարածքին մէջ գտնուող Երեւանի 2800-ամեակի այգին արդէն բաց է քաղաքացիներուն ու զբօսաշրջիկներուն համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ կառուցուած այգիին առաջին այցելուները եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ […]

ՀՀ Երկու Օդակայեաններուն Մէջ Այս Ապրիլին՝ Նախորդի Համեմատ՝ Ուղեւորահոսքը Աճած է 2 Տոկոսով

Ընթացիկ տարուան Ապրիլին ՀՀ երկու օդակայեաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 217,030 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 2 տոկոսով: Այս մասին կը յայտնեն «Արմէնիա» Միջազգային Օդակայաններ» ՓԲԸ-էն։ 2019 […]

Հայաստանի Կառավարութիւնը Մտադիր է Անցնելու Ծառայողական Ելեկտրական Ինքնաշարժներու Օգտագործման

Հայաստանը Համաշխարհային բնապահպանական հիմնադրամ ուղակած է ծրագիր մը, ըստ որուն կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը բնապահպանական դրամաշնորհային գումարներու շնորհիւ անցում կատարել ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժներու օգտագործման: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ԱԺ ամպիոնէն յայտնած է […]

«Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Համաժողով` Ստեփանակերտի Մէջ

Մայիս 7-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ժողովը, ուր պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու հարցեր: ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ […]

Տիգրան Մանսուրեան Պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութիւն» Մետալով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժիշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ: 80-ամեայ յոբելեանի առիթով Բակօ Սահակեան անուանի երաժիշտին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետալ` կարեւոր համարելով անոր աւանդը Արցախի մէջ […]

9 Ուտեստ, որ Պէտք է Համտեսել Հայաստանի Մէջ. National Geographic-ը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցին

«National Geographic»-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձած է Հայաստանին՝  ներկայացնելով հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ «Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չէ, անիկա նաեւ քեալան է, գաթան եւ մեծ […]

Մարիինեան Թատրոնի Սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեան՝ Միջազգային Օփերայի Մրցանակի Դափնեկիր

Հեղինակաւոր «Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» (The International Opera Awards) «Լաւագոյն երգչուհի» անուանակարգով յաղթող ճանչցուած է Մարիինեան թատրոնի սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանը: Այս մասին, ըստ radiovan.fm-ի, կը յայտնէ operawire.com կայքը։ Մրցանակաբաշխութիւնը կայացած է նախօրէին։ Նշենք, […]

«Արաս»-էն Նոր Գիրք՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»

Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար: Վարուժան ձերբակալուած է 24 Ապրիլ […]