ՀՀ Երկու Օդակայեաններուն Մէջ Այս Ապրիլին՝ Նախորդի Համեմատ՝ Ուղեւորահոսքը Աճած է 2 Տոկոսով

Այլեւայլ, Հայաստան

Ընթացիկ տարուան Ապրիլին ՀՀ երկու օդակայեաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 217,030 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 2 տոկոսով: Այս մասին կը յայտնեն «Արմէնիա» Միջազգային Օդակայաններ» ՓԲԸ-էն։

2019 Ապրիլին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 2 տոկոսով: 2018 Ապրիլին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 200,707 ուղեւոր, մինչ 2019 Ապրիլի ցուցանիշը կը կազմէ 205,419 ուղեւոր:

2019 Ապրիլին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 11,611 մարդ: 2018-ի նոյն ամսուան 12,070 ուղեւորահոսքի համեմատ նուազումը կազմած է 4 տոկոս:

Տարուան սկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայեաններու ուղեւորահոսքը կազմած է 795,605 մարդ, որ 7.8 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայեաններուն մէջ 2019 Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն՝ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն համեմատ՝ 2.6 տոկոս աճ արձանագրած են նաեւ թռիչք-վայրէջքները: