«Արաս»-էն Նոր Գիրք՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»

Այլեւայլ, Սփիւռք

Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար: Վարուժան ձերբակալուած է 24 Ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ: Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ուշ ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը: Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած «Հացին Երգը»-ի ձեռագիրները, ուր Վարուժան քնարային ոճով մը անմահացուցած է գիւղական կեանքը: Ան իր տողերով կեանք ու հոգի կը պարգեւէ ո՛չ միայն հայ մշակին, գիւղացիին, հողագործին, մարդուն, այլ նաեւ անասուններուն, հողագործական առարկաներուն, նոյնիսկ ցօղի կաթիլին: «Հացին Երգը»-ին մէջ հեղինակը կ՛երգէ երգը անոնց, որոնք կեանքը ամէն օր վերստին կ՛արարեն, եւ կը հիւսէ հացին երգը այնպէս մը, որ մինչ այդ ոչ ոք հիւսած էր եւ թերեւս իրմէ ետք ոչ ոք հիւսել կարենայ: Գիրքը հայերէն ընթերցողներուն կը մատուցուի 1921-ի առաջին տպագրութեան ապակետիպ բազմացումով՝ միաժամանակ կը ներկայացուի նաեւ թրքերէն տարբերակ մը՝ Օհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ:

«Հացին Երգը», Դանիէլ Վարուժան, Բանաստեղծութիւն, 112 էջ, 16.5 x 21.5 սմ.։

Ստորեւ՝ «Հացին Երգը»-էն բանաստեղծութիւն մը.

Մուսային

Թէ ջըլապինդ մըշակն ի՛նչպէս կը փարի

Իր կոր մաճին, կը պատռէ լանջն հողերուն:

Եւ սահանքին տակ արփական շողերուն

Ի՛նչպէս կ՛ըլլան լերկ ակօսները՝ բերրի

Թէ շիկագոյն ցորեանն ի՛նչպէս կալին մէջ

Կը բըրգանայ, եւ աղօրիք կը մռընչեն,

Ի՛նչպէս կ՛յորդի քաղցած խըմորը տաշտէն,

Զոր հուսկ կ՛եփեն գեղջուկ փուռին մէջ անշէջ

Թէ կը սըփռէ Հա՜ցը, Հա՜ցը սըրբազան

Ի՛նչ բերկրանքներ, արարչական ի՛նչ կորով,

Սորվեցո՛ւր ինձ, ո՛վ հայրենի իմ Մուսան.

Սորվեցուր ինձ.- պսակէ քընարս հասկերով,

Զի կալին մէջ, զով շուքին տակ ուռիին

Ահա կը նստիմ, ու նըւագներս կը ծընի՜ն: