Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

 Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի, Ապրիլ 29-ին, կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալեց աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան ժամանած Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը:  Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն։

Փաշինեան ողջունելով Մետւետեւը, ըսաւ․ “Հայաստանի մէջ նախորդ տարի տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք սա ձեր առաջին այցն է, ինչ որ իւրայատուկ նշանակութիւն կը հաղորդէ այս այցին: Հայաստանի մէջ ընդունուած է ամենաթանկագին հիւրերուն ընդունիլ տունը, ես շատ ուրախ եմ, որ ունիմ նման հնարաւորութիւն: Կը կարծեմ, որ նախորդ տարուան ընթացքին մեր յարաբերութիւնները զարգացած են ըստ նախատեսուածին, իհարկէ, ատիկա չի նշանակեր, որ չեն եղած հարցեր: Կը կարծեմ, որ այժմ մեր յարաբերութիւններուն մէջ շատ կարեւոր պահ է եւ ես վստահ եմ, որ ի հեճուկս յոռետեսներու՝ մենք կը յաջողինք մեր յարաբերութիւնները բարձրացնել նոր մակարդակի, ոչ թէ ի հեճուկս յոռետեսներու, այլ ես կը կարծեմ, որ պէտք է յոռետեսները դարձնել լաւատեսներ: Իհարկէ, մենք ամէն ինչ պիտի ընենք ատոր համար»։

Վարչապետ Մետվետեւ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ ըսաւ. «Իրականութեան մէջ կայ լաւ առիթ, որպէսզի հանդիպինք, ատիկա Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու նիստն է: Մենք պարբերաբար կ՛իրականացնենք այս հանդիպումները, ուր կը քննարկուին տարբեր հարցեր, որոնց մէջ՝ դժուար: Այժմ Եւրասիական միութեան մէջ Հայաստան կը հանդիսանայ նախագահող պետութիւն եւ ի հարկէ մեզի համար կարեւոր է, որպէսզի առաջ շարժիք եւրասիական օրակարգի շարք մը հարցերու լուծման ուղղութեամբ:

Միւս կողմէն, սա լաւ հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու նաեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները: Մենք ձեզի հետ քանի մը անգամ հանդիպած ենք, քննարկած գործերու ընթացիկ իրավիճակը, տարեսկիզբին նոյնպէս հանդիպած ենք, երբ ժամանած էիք Մոսկուա՝ որպէս նախագահող երկրի վարչապետ, որու ընթացքին քննարկեցինք երկկողմ օրակարագային հարցերը: Այժմ ալ պիտի անցնինք հիմնական կէտերով, առաւել եւս, որ մեր գործընկերները մեզի համար պատրաստած են շարք մը հարցեր»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան արդիական հարցեր: