Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օրէնքէն Բացառելու Պելճիքայի Որոշումը Անընդունելի է. Հայ Դատ

Սփիւռք

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 24-25-ին, Պելճիքայի խորհրդարանը քննարկեց եւ վաւերացուց նոր օրինագիծ մը, որուն շնորհիւ այսուհետեւ ցեղասպանութիւններու ուրացումը պիտի պատժուի։ Սակայն, հակառակ հայ համայնքին, խոհրդարանի քանի մը անդամներու եւ այդ ոլորտի մասնագէտներու ջանքերուն՝ բանաձեւին մէջ չէ նշուած Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան, մինչ Պելճիքա արդէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը երեք մակարդակներով՝ խորհրդարանի, Ծերակոյտի եւ կառավարութեան։

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրէնքէն բացառելու մասին որոշումը անընդունելի է եւ խորապէս հիասթափեցնող: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու նախադրեալներ կան. քանի մը եւրոպական երկիրներու մէջ նման օրինակներ եղած են: Ժխտողականութեան սերմանումը, անշուշտ, կը խրախուսէ բռնատիրական վարչակազմերը, ինչպին է Էրտողանի պարագան, եւ, դժբախտաբար, կանաչ լոյս է՝ հակահայկական տրամադրութիւններու առջեւ»,- կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Ըստ անոր՝ ցաւալի է տեսնել, թէ խորհրդարանը անհաղորդ մնաց հասարակական կարծիքին, Պելճիքայի լաւագոյն լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած բազմաթիւ յօդուածներուն։

«Այս բոլորը, անկասկած, կը նշանակեն, որ մենք Պելճիքայի հայ համայնքին հետ աւելի մեծ ջանքեր պիտի գործադրենք՝ պահանջելով արդարադատութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար: Յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք մենք մտադիր ենք սերտօրէն աշխատելու Պելճիքայի նոր խորհրդարանին հետ եւ հարցը վերադարձնել օրակարգ», կ՛եզրակացնէ Կարապետեան: