Հայաստանի Կառավարութիւնը Մտադիր է Անցնելու Ծառայողական Ելեկտրական Ինքնաշարժներու Օգտագործման

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանը Համաշխարհային բնապահպանական հիմնադրամ ուղակած է ծրագիր մը, ըստ որուն կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը բնապահպանական դրամաշնորհային գումարներու շնորհիւ անցում կատարել ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժներու օգտագործման: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ԱԺ ամպիոնէն յայտնած է ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեան՝ պատասխանելով Արտիոմ Ծառուկեանի հարցին, թէ նախարարութիւնը իր հաշուեկշիռին մէջ քանի մեքենայ ունի եւ արդեօք կը ծրագրաւորէ՞ անցում կատարել ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժներու օգտագործման՝ բնապահպանական նպատակով:

«Մենք միացած ենք Global electric mobility գործընթացին, որ կ՝իրականացուի ՄԱԿ-ի բնապահպանական ծրագիրին ներքոյ: Ունինք համապատասխան դրամաշնորհային գումարներ՝ մօտ 700 հազար տոլարի կարգին: Ներկայացուցած ենք ծրագիր, որ պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ առաջինը, եւ ծրագիրով կ՝առաջարկենք, որ ամբողջ կառավարութիւնը անցնի ելեկտրական ինքնաշարժներու: Ծրագիրին նախնական փաստաթուղթը ուղարկուած է Համաշխարհային բնապահպանական հիմնադրամ, որ այդ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորէ»,- ըսած է նախարարը:

Ան նշած է, որ եթէ ընթացակարգերը պահպանուին, այս տարուան վերջը բոլոր նախարարները պիտի նստին ելեկտրական մեքենաներ: Եւ ատիկա պիտի իրականացուի բնապահպանական դրամաշնորհային ծրագիրի ծիրէն ներս: Գրիգորեան նկատած է, որ ելեկտրական մեքենաներու զարգացումը կ՝ընթանայ շատ արագ քայլերով: