Այսօր Համբարձման Տօն է

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող  Հինգշաբթին: Այս տարի ան կը զուգադիպի Մայիս 30-ին։ «Համբարձում» […]

Երկօրեայ Գիտաժողով` Նուիրուած Լեւոն Շանթին

Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի 150-ամեակներուն զուգահեռ այս տարի կը նշենք նաեւ Լեւոն Շանթի եւ Երուանդ Օտեանի 150-ամեակները: Մայիս 29-ին Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ Լեւոն Շանթին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպուած է։ Գրականագէտները կը նշեն, որ Շանթ […]

Այսպիսի Գեղեցկութիւն Կարելի է Տեսնել Միայն Մեր Դիրքերուն Մէջ. Տիգրան Աբրահամեան

Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ լուսանկարներ տեղադրած է դիրքերէն առնուած եւ գրած. «Մարդ կ՛երթայ դիրքեր, բացի անկէ, որ հաճոյք կը ստանայ մեր զինծառայողներու հետ շփումներէն, նաեւ գեղեցիկ ծաղկանոցները […]

Արթուր Ալեքսանեան Ոսկէ Մետալ Նուաճած է Ղազախստանի Մէջ

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ոլիմպիական խաղերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան յաղթած է Ղազախստանի միջազգային մրցաշարին: 97 քկ․ դասակարգին մէջ Ալեքսանեան եզրափակիչին մրցած է ռուս Ալքսանդր Կոլովինի հետ եւ յաղթած անոր: […]

Լոյս Տեսած է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Խաչիկ Պապիկեանհիմնադրամի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է «Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918-1920)» հատորը։ Մենագրութեան հեղինակն է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող ԳուրգէնՎարդանեան։ Այս մենագրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մշակոյթի պատմութեան։ Գիրքին մէջ առաջին անգամ ամփոփ կերպով ներկայացուած են ազգային պետական շինարարութեան գործընթացին մէջ իրականացուած միջոցառոմւները կրթական համակարգի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ։

Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի Դպրոցներուն Մէջ Հնչեց «Վերջին Զանգը»

Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն մէջ այսօր հնչեց «Վերջին զանգը»: Հայաստանի մէջ այս տարի 9-րդ դասարանը աւարտեց 32 հազար 198 աշակերտ, 12-րդ դասարանը` 18 հազար 996: Արցախի մէջ 9-րդ դասարանը աւարտեց  1968 շրջանաւարտ, իսկ […]

Եւրոպական Խաղերուն Հայաստանը Պիտի Ներկայացնեն 9 Բռնցքամարտիկ

Բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպական երկրորդ խաղերուն պիտի մասնակցի 9 մարզիկով: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուտիկ Մկրտչեան արդէն որոշած է հաւաքականի կազմը: Մինսկ պիտի մեկնի 9 բռնցքամարտիկ` 8 տղայ […]

Երեւանի Մեթրոյի Բոլոր կայարաններուն Մէջ Կը Հնչեն Շառլ Ազնաւուրի Երգերը

Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան օրը Երեւանի Մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ կը հնչեն Ազնաւուրի երգերը: Այս մասին յայտնած է «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մետրոպոլիտէն»ի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեանը: «Այսօր 07:00-23:00-ն […]

Սպիտակի Մէջ Պիտի Գործէ Խնամքի Ցերեկային Կեդրոն

Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ վերաբացուած է Տարածքային մանկավարժական եւ հոգեբանական աջակցութեան կեդրոնը, որ այսուհետեւ յատուկ կարիքով շուրջ 100 երեխաներու պիտի մատուցէ նաեւ ցերեկային խնամքի ծառայութիւն: Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն […]