Սպիտակի Մէջ Պիտի Գործէ Խնամքի Ցերեկային Կեդրոն

Այլեւայլ, Հայաստան

Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ վերաբացուած է Տարածքային մանկավարժական եւ հոգեբանական աջակցութեան կեդրոնը, որ այսուհետեւ յատուկ կարիքով շուրջ 100 երեխաներու պիտի մատուցէ նաեւ ցերեկային խնամքի ծառայութիւն:

Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ վերաբացումէն ետք կեդրոն կը դառնայ առաջին մասնագիտացուած պետական կառոյցը, ուր յատուկ դպրոցներէն հանրակրթական դպրոցներ տեղափոխուած երեխաները ժամը 12:00-էն մինչեւ 18:00-ը պիտի ստանան ամենօրեայ ցերեկային խնամք` ներառեալ դասապատրաստման ծառայութիւնը:

Կեդրոնի վերանորոգման,  կահաւորման եւ վերականգնողական նոր ծառայութիւններու համալրման աշխատանքները կատարուած են ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի աջակցութեամբ:

«Այս կեդրոնին մէջ մէկ տանիքի տակ տարբեր ծառայութիւններ համախմբելով` մենք համոզուած ենք, որ տարբեր կարիքներով երեխաները պէտք է ապրին ընտանիքի մէջ: Այստեղ երեխաները կրնան սորվիլ, շփուիլ, զարգանալ, բայց միեւնոյն ժամանակ ապրիլ տան մէջ»,- նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայ:

Ծրագրի ծիրէն ներս Սպիտակի մէջ բացուած է նաեւ ներառական խաղահրապարակ` նախատեսուած յատուկ կարիքով երեխաներու համար: