Հայաստանի Ապագան Սերտօրէն Կապուած է Նոր Արհեստագիտութիւններու Հետ. ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է Nokia-ի Տնօրէններու Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Հայաստան

Նուր Սսուլթանի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական 12-րդ ամենամեայ ֆորումի մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է հանրայայտ Nokia ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռիսթօ Սիլասմայի հետ:

Խօսելով աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու մասին` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ աշխարհը արագօրէն կը փոփոխուի արհեստագիտութիւններու, հետեւաբար նաեւ` Nokia-ի նման ընկերութիւններու շնորհիւ: Նախագահը նշած է, որ Հայաստան նորարարութիւններու, նոր սկիզբներու հարթակ է, եւ երկրի ապագան սերտօրէն կապուած է նոր արհեստագիտութիւններու հետ:

Զրուցակիցները յատկապէս կարեւոր համարած են կրթական համակարգի դերը` զայն դիտարկելով որպէս այդ ամէնուն հիմքը:

Նշելով, որ մեր երկիրը Խորհրդային Միութենէն ժառանգած է բաւակ լաւ կրթական համակարգ, նախագահ Սարգսեան միաժամանակ ընդգծած է, որ Հայաստան բաց է դէպի նորը: «Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք կրթութեան, գիտութեան, արհեստագիթութիւններուն` խրախուսելով երիտասարդները առաջարկելու նոր գաղափարներ, իւրացնելու նոր արհեստագիտութիւններ ու ստեղծելու նոր սկիզբներ»-ընդգծած է ան:

Nokia ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահը իր հերթին ըսած է, որ մեծապէս հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման հնարաւորութիւններով: Ան նշած է, որ արագ փոփոխուող աշխարհի մէջ յաջողակ պիտի ըլլան այն երկիրները, որոնք լաւ հիմք կը պատրաստեն այդ փոփոխութիւններուն համար:

Նախագահ Սարգսեան ընկերութեան ղեկավարութեան առաջարկած է այցելել Հայաստան` տեղւոյ վրայ ուսումնասիրելու եւ քննարկելու համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները:

Nokia Corporation-ը մասնագիտացած է հեռահաղորդակցութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ելեկտրական սարքերու արտադրութեան ոլորտներու մէջ: Ընկերութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ու զգալի միջոցներ կը ներդրէ արհեստագիտական նոր լուծումներու հայթայթման, ատոնք իրենց արտադրանքին մէջ կիրառելու վրայ: