9 Ուտեստ, որ Պէտք է Համտեսել Հայաստանի Մէջ. National Geographic-ը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցին

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«National Geographic»-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձած է Հայաստանին՝  ներկայացնելով հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Հայկական խոհանոցը միայն խորովածն ու լաւաշը չէ, անիկա նաեւ քեալան է, գաթան եւ մեծ թիւով ուտեստներ, որոնց մասին դուք երբեւէ չէք լսած, եթէ չէք այցելած Հայաստան: Ուտեստը այստեղ կը պատրաստուի ոչ միայն երեւակայութեամբ, այլեւ հոգիով եւ ատով կարելի է համոզուիլ՝ ըլլալով Երեւանի ու այլ քաղաքներու իւրաքանչիւր ճաշարանի մէջ: Պարզապէս եկէք եւ կազմակերպեցէք կենցաղային շրջագայութիւն»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

National Geographic-ը կը ներկայացնէ 9 ուտեստ, որոնք անպայման պէտք է համտեսել Հայաստանի մէջ:

Հարիսայ

Անիկա Հայաստանի ազգային ուտեստն է: Կը համարուի, որ ցորէնով պատրաստուած ճաշը, որուն մէջ առկայ է հաւ, հալած կարագ, օգնած է հայերուն գոյատեւելու սովի տարիներուն: Այս ճաշատեսակը պատրաստելը բաւական պարզ է, սակայն անիկա բաւական յագեցնող է: Անհրաժեշտ է ըլլալ շատ անօթի, որպէսզի կարենաս ուտել ամբողջ պնակը:

Ժենգեալով հաց

Անիկա կը համարուի արցախեան խոհանոցի այցեքարտը: Կ՝ենթադրէ հաց` լեցուած տարատեսակ կանաչիներով: Ժենգեալով հացը կը պատրաստեն գարնան եւ աշնան: Տարուան եղանակէն կախուած է, թէ ինչ կանաչեղէնէ բաղկացած պիտի ըլլայ հացին միջուկը:

Գաթա

Ասիկա հայկական աւանդական աղանդեր է՝ կլոր գաթա` նրբահամ վանիլային համով: Բաղադրատոմսի յստակ չափանիշ գոյութիւն չունի: Հայաստանի տարբեր տարածքներու մէջ գաթայի բաղադրութիւնն ու համը խիստ կը տարբերին մէկը միւսէն: Գաթան պարտադիր ուտեստ է հայկական ամանորեայ սեղանին:

Ղափամա

Ղափաման պարզապէս ուտեստ չէ, անիկա հրաշալի համ ունի ու շատ գեղեցիկ է: Կը մատուցուի դդումի մէջ: Թէեւ դդումը կախարդանքով կառքի չի վերածուիր, սակայն հիւրերը կը վերցնեն իրենց հեռախօսները ու կը սկսին լուսանկարել զայն: Աւանդոյթին համաձայն Ղափան մատուցուած է հարսանեկան արարողութիւններու ժամանակ` իբրեւ առատութեան նշան:

Տոլմա

Հայաստանի մէջ տոլման կը պատրաստուի միսով, որ կը փաթթուի կաղամբի կամ խաղողի տերեւներու մէջ: Այս աւանդական ճաշատեսակին համար նախընտրելի է կովու միսը, բրինձը, սոխը, կանաչեղէնը եւ սեւ պղպեղը: Անիկա կը մատուցեն մածունով:

Քեալա

Պատկերացուցէք այսպիսի պատկեր. հայկական սեղան, դուք հաճոյքով կ՝ուտէք սուճուխ, եւ պաստրմա, խորոված ու յանկարծ ներս կը բերեն ցուլի եփած գլուխ: Անիկա քեալան է: Ասիկա եղած է աղքատներու ուտեստը, որ Գիւմրի քաղաքին մէջ դարձած է կենցաղային ուտեստ: Բաղադրութեան մէջ կը մտնէ ամէն ինչ` լեզուն, ուղեղը, նոյնիսկ` աչքերը: Յիշեցէք, որ ուտեստը պէտք է նախօրօք պատուիրել, որովհետեւ գլուխը կ՝եփուի մօտ 8 ժամ:

Պաստրմայով ձուածեղ

Այնպէս չէ, որ այս ուտեստը Հայաստանի կենցաղային հպարտութիւնը եղած է, սակայն անիկա լիովին կրնայ շահիլ բոլոր անոնց սրտերը, որոնց համար ամենակարեւոր սնունդը նախաճաշն է:

Խաշ                                                             

Ասիկա հայկական ամենայայտնի ապուրն է` իւղոտ եւ սննդարար: Անիկա կը պատրաստուի կովու ոտքերով եւ փորոտիքով, կը մատուցեն սխտորի հսկայական չափաբաժինով: Կը նշուի, որ խաշը կը կարգաւորէ շարք մը առողջական խնդիրներ:

Աւելուկով ապուր

Անիկա, իհարկե, այդքան ալ յագեցնող չէ, սակայն ունի մեծ ճանաչում: Աւելուկին մէջ կ՝աւելցուի ոսպ, ձաւար, գետնախնձոր, համեմունքներ: Ապուրը կը մատուցուի թարմ լաւաշով: