Մարիինեան Թատրոնի Սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեան՝ Միջազգային Օփերայի Մրցանակի Դափնեկիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Սփիւռք

Հեղինակաւոր «Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» (The International Opera Awards) «Լաւագոյն երգչուհի» անուանակարգով յաղթող ճանչցուած է Մարիինեան թատրոնի սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանը: Այս մասին, ըստ radiovan.fm-ի, կը յայտնէ operawire.com կայքը։

Մրցանակաբաշխութիւնը կայացած է նախօրէին։

Նշենք, որ 2016-ին «Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» Լիթվիայէն 35-ամեայ սոփրանօ Յասմիկ Գրիգորեանը «Լաւագոյն երիտասարդ երգչուհի» անուանակարգով արդէն յաղթող ճանչցուած էր։

Առաջին անգամ Միջազգային օփերայի մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2013-ին: Մրցանակի կազմակերպիչները ընդգծած են, որ ստուգատեսի գլխաւոր նպատակը դասական երաժշտական արուեստի ժողովրդականացումն է: