Ռենա Լուսին Պիթմէզի Ժապաւէնը Արժանացաւ Պոլսոյ Ֆիլմի Փառատօնի «Առաջնութեան Մրցանակ»ին

Աշխարհ

Պոլսոյ 38-րդ փառատօնի մրցումին ներկայացուցած էր «Մայրի՛կ, Աստուած Կը Աիրէ՞ Գաղթական Մանուկները» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէն մը, որ Պոլսոյ «Բերա Թանգարան»ին մէջ ցուցադրուեցաւ արուեստասէրներուն եւ գնահատանքի մեծ աղմուկ յառաջացուց։

0000RENA2Պոլսոյ այս փառատօնի մրցումին ներկայացուած էին 11 ժապաւէններ, որոնցմէ մէկն էր Ռենա Լուսին Պիթմէզի պատրաստած ժապաւէնը։ «Այս ժապաւէնը Ռենայի կողմէ պատրաստուած է ութ տարուան ընթացքին, որուն մէջ արուեստագիտուհին 120 հարցազրոյցներ ըրած է։ Այս ժապաւէնին մէջ կը պատմուի որպէս գաղթական քաղաքս հաստատուած հայաստանցի մանուկներու առօրեայ կեանքը։ Ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած են Հայաստանցի չորս մանուկներ եւ անոնց ծնողները։ «Ռահմի Գոչ» թանգարանին մէջ կատարուեցաւ ժապաւէններու մրցանակաբաշխութեան հանդէսը։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր բեմադրիչներով եւ ժապաւէններու արուեստագէտներով», կը գրէ «Մարմարա»ն՝ աւելցնելով. «Բեմ բարձրացաւ դատակազմի անդամներէն Մելեք Ուլակայ Թայլան, որ ժապաւէններու հեղինակ է, եւ յայտարարեց որ «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն»ի առաջին մրցանակին արժանացած է Ռենա Լուսին Պիթմէզի ժապաւէնը։ Ան ըսաւ, որ ինք ալ այս աշխատանքով կը զբաղի, բայց ասիկա ըսել չէ թէ ինք ամէնէն յաջող արուեստագէտն է։ Այս ըսելով, ան ըսել ուզեց, թէ Ռենան կը գերադասէ զինք իր արուեստի գործով։

Ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն տարափին տակ բեմ հրաւիրուեցաւ Ռենան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ ըսելով. «Ես իմ այս մրցանակը կը նուիրեմ համայն աշխարհի տարածքին գաղթականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցած մանուկներուն, նաեւ իմ վարպետիս՝ ժապաւէնի հռչակաւոր արուեստագէտ՝ Արամ Կիւլեիւզի յիշատակին, որուն շատ բան կը պարտիմ»»։

0000RENA1