«Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Համաժողով` Ստեփանակերտի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Մայիս 7-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ժողովը, ուր պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու հարցեր:

ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող քանի մը տասնեակ գործիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովը պիտի ազդարարէ երկու հայկական պետութիւններու միջեւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացի մեկնարկը: Պիտի ընդունուին հռչակագիր, կեանքի պիտի կոչուի կազմկոմիտէ, որ պիտի կազմակերպէ համահայկական ստորագրահաւաք` ի պաշտպանութիւն Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի:

Նման նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի նաեւ նոր ազդակ հաղորդելու Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին: