Մայրաքաղաքին Մէջ Բացուեցաւ Երեւանի 2800-ամեակի Այգին

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից տարածքին մէջ գտնուող Երեւանի 2800-ամեակի այգին արդէն բաց է քաղաքացիներուն ու զբօսաշրջիկներուն համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ կառուցուած այգիին առաջին այցելուները եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, բարերարներ Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

«Սա քաղաքին նուէր է Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններու կողմէ: Ի սկզբանէ ծրագրուած էր մօտ 1 միլիոն տոլարի ներդրում, սակայն վերջը անիկա հասաւ 5 միլիոն 300 հազար տոլարի: Այսինքն` ընթացքին ամէն ինչ կատարուեցաւ ամենաբարձր որակով: Բնականաբար, քաղաքապետարանը ամէն կերպով, ամէն հարցով աջակցեցաւ Վարդանեաններու ընտանիքին, եւ այսօր ամենաբարձր մակարդակի այգի ստացանք”,- ըսաւ քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններու կողմէ գլխաւոր նախապայմանը այն է, որ այգին կը մնայ Երեւան համայնքի սեփականութիւնը, եւ այգիին տարածքին կ՛արգիլուի որեւէ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն: Այգիի կառուցապատումէն բացի` «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամը 2019-էն սկսած 99 տարիներու ընթացքին իր միջոցներով պիտի հոգայ նաեւ այգիին խնամքի ու պահպանութեան ծախսերը: